Home ԳՐԱԿԱՆ Նոր Գիրքեր – Նարեկայ Վանքը Պատմութեան Քառուղիներուն

Նոր Գիրքեր – Նարեկայ Վանքը Պատմութեան Քառուղիներուն

by MassisPost

Հեղինակ՝ Պետրոս Մովսէսի Թովմասեան

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Այս ամիս մեծագոյն ուրախութեամբ ստացանք եւ հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ վայելեցինք վերոնշեալ հատորին ընթերցումը, որուն հեղինակն է մեր շատ սիրելի հայրենակից՝ իրաքահայ պատմաբան՝ Պետրոս Մովսէսի Թովմասեան։

Հեղինակը մօտ 30 տարիէ աւելի մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ է, բայց հետաքրքրութեամբ միշտ ալ սիրած եւ պրպտած է հայոց պատմութիւնը։ Համալսարանական տարիքէն սկսեալ, ան հայոց պատմութեան դասընթացքներ կազմակերպած է Պաղտատի Հայp Երիտասարդաց Ակումբէն ներս, իսկ Ամերիկա տեղափոխուելով, հոս եւս նման դասընթացք մը կազմակերպեց Կլենտէյլի Գալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան Կեդրոնէն ներս, միշտ ալ արժանացած է ներկայ եղողներուն ամենաջերմ գնահատանքին։

223 էջնոց այս խիստ գիտական հատորը, հրատարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտի կողմէ, Երեւան Դեկտեմբեր 2019-ին։

Այսօր երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած նահատակներուն 105-րդ տարելիցը նշելու, մարդկային նահատակներու նման բազմահազար վանքերու, եկեղեցիներու, դպրոցաշէնքերու, մշակութային կոթողները, ամրոցները, բերդերը բոլորն ալ զոհ գացին ցեղասպան թուրքին ձեռքով։ Այո այս վանքերը, եկեղեցիները, ամրոցները բազմաթիւ տարբեր պատերազմներու զոհ եղան, թալանչիներ տեսան իրենց երկհազարամեայ պատմութեան ընթացքին, բայց բոլոր անցեալի ներխուժողները թուրք չըլլալուն համար, այդ կոթողները կանգուն մնացին, կամ՝ մասամբ քանդումի ենթարկուեցան, բայց Օսմանեան ոհմակները ուր որ գացին, մէջը ըլլալով Հայաստանը, քարուքանդ ըրին այդ երկիրներու սրբատեղիները, մշակութային կոթողները եւ կրթարանները, ճիշդ ատոր համար է, որ երբ քարուքանդ տեսարան մը տեսնեն, մարդկութիւնը կ՚ըսէ. «Թուրքը հոսկէ անցած է»։

Պետրոս Թովմասեանի հինգերորդ հատորն է այս մէկը։ Անցեալին ունեցած է նոյնքան արհեստավարժ բովանդակութեամբ եւ տպագրութեամբ չորս պատմական հատորներ։

  • Հայկական Լեռնաշխարհը եւ Միջագետքը (հին ժամանակներէն մինչեւ 1 թ. Ք.Ե.) Երեւան Զանգակ, 2006
  1. Արարատ-Ուրարտու Աստուածաշունչի ընդմէջէն Երեւան, Զանգակ, 2012
  1. Աբասեան Խալիֆայութեան Վերջին Պատմաշրջան եւ Հայութիւնը (Հայկական ծագումով հայ Խալիֆաներ) Պատմութեան Ինստիտուտ, Երեւան 2016
  1. Վարագայ Վանքը Պատմութեան Քառուղիներուն: Պատմութեան Ինստիտուտ, Երեւան 2018

Պետրոս Թովմասեանի հինգերորդ հատորը եւս նախորդներուն պէս շատ արհեստավարժ գիտական եւ տպագրական որակով հրատարակութիւն մըն է, որ արժանի է եւ կարելի է նկատել, որպէս գիտական բարձրագոյն վկայականի աւարտաճառ։

Գիրքը բաժնուած է վեց «գլուխներու», որոնք կը ներկայացնեն վանքի հազար տարիներու պատմական ժամանակաշրջանները։

Իւրաքանչիւր գլուխ բաժնուած է «բաժիններու», իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ վանքի կարեւոր պատմական յատկանշական դէպք մը, կամ հանգրուան մը։ Գիրքը ունի 75 բաժին եւ այդ բաժիները իրենց հերթին կ՚ընդգրկեն «ցուցակ»ներ, որոնք պատրաստուած են նոյնինքն հեղինակին կողմէ, տուած տեղեկութիւնները աւելի հետաքրքիր դարձնելու համար։ Գիրքի վերջաւորութեան տրուած են աղբիւրներու եւ անուններու ցանկերը։

Նարեկայ Վանքը կառուցուած է Փոքր Հայքէն Հայաստան ներգաղթած հայ կրօնաւորներուն կողմէ, որոնք Բիւզանդացիներու կողմէ հալածուած էին իրենց դաւանանքին պատճառաւ։ Բիւզանդիոնի կողմէ կ՚ուզէր հայերը միացնել Բիւզանդական եկեղեցիին հետ, իսկ ներգաղթող կրօնականները եկան Հայաստան եւ հիմնեցին հայ առաքելական դաւանանքով  եկեղեցիներ եւ վանքեր եւ Նարեկայ գիւղին մէջ ալ կը հիմնեն Նարեկայ Վանքը 946-950 թուականներուն։

Այսպէս,՛ Նարեկայ Վանքը կառուցուած է Բագրատունեաց Աբաս Ա. իշխանի եւ Արծրունեաց Դերենիկ Արծրունի իշխանի եւ Էջմիածնի Անանիա Մոկացի Կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներիուն։

Նարեկայ Վանքին մէջ գոյութիւն ունէր երկու եկեղեցի, Ս. Սանդուխտ եւ Ս. Աստուածածին եւ փոքր մատուռ մը Ս. Գրիգոր Մատուռ։ Իսկ Նարեկայ Վանքին ենթակայ բազմաթիւ եկեղեցիները եւ հոգեւոր տուները գոյութիւն ունէին։

Ուխտանէս պատմիչի համաձայն, Նարեկայ Վանքը կոչուած է «Աստուծաշունչ Դրախտ» եւ այդ դրախտին մէջ ծնաւ Նարեկայ Վանքի «անմահ մշտնջենական պտուղը» Ս. Նարեկ Գիրքը։

Նարեկայ Վանքը կը հանդիսանայ միջնադարեան Հայաստանի նշանաւոր կրօնական եւ մշակութային կեդրոններէն մին, որ կը գտնուէր Վանայ լիճի հարաւը Նարեկ գիւղին մէջ։

Այս վանքը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անուանի վանքերէն է։ Ան տասը երկար դարեր, բազմաթիւ դժուար եւ ծանր պայմաններ ունենալով հանդերձ կրցած է իր գոյութիւնը պահել եւ աշխոյժ գործունէութիւններ ծաւալել։

Այս վանքը դարեր շարունակ հանդիսացաւ հայ գրչութեան կեդրոն մը, ուր զարգացաւ գրչութիւնը, մանրանկարչութեան արուեստը, հայու ոգին միշտ վառ պահող կարեւոր բերդ մը, գիտութեան եւ մշակոյթի լուսաշող փարոս մը։

Գրիգոր Նարեկացին ծնած է 951-ին Նարեկայ գիւղին մէջ, հեգեւորական եւ մտաւորական ընտանիքի մը յարկին մէջ։

Ծնողքը բախտաւորուած էին երեք որդիներով, Սահակ, Յովհաննէս եւ կրտսերը՝ Գրիգոր, հայրը Խոսրով Անձրեւացի, որ յայտնի եկեղեցական դէմք մըն էր, իր կինը կորսնցնելով, մուտք գործեց եկեղեցական կեանքին մէջ եւ հասաւ մինչեւ Արքեպիսկոպոսի աստիճան։

Գրիգորին եղբայրը Յովհաննէս եւս կղերական եղաւ Նարեկայ Վանքին մէջ, իսկ միւս եղբայրը Սահակը մասնագիտացաւ իր հօր երկասիրութեան մէջ։

Նարեկայ Վանքը իր հազարամեայ պատմութեան մէջ, Բիւզանդական, պարսկական եւ արաբական բազմաթիւ ներխուժումներ տեսած է, այդ մեծ պետութեանց պատերազմի դաշտ եղած է հայոց Բագրատունեաց եւ Արծրունեաց հարստութեանց սահմանները, այնուհանդերձ այս վանքը քաղաքական պայմաններու բերումով միշտ կրցաւ իր գոյութիւնը պահել եւ հայ հոգեւոր ու մշակութային գործերը շարունակել մինչեւ որ 1453-ին Օսմանցիները գրաւեցին Կ. Պոլիսը եւ վերջ տուին բիւզանդական երկարամեայ հարստութեան, այդ յաղթանակէն ետք Օսմանեան կայսրութիւնը ընդարձակուեցաւ եւ եղաւ մեծ կայսրութիւն մը։ 1508-ին Պարսկաստանի մէջ Սեֆեւեանները կործանեցին Ակ-Կոյունլուներու պետութիւնը եւ ստեղծեցին Սեֆեւեան կայսրութիւնը։ Այս անգամ մեծ պայքար մը սկսաւ երկու նոր հզօր կայսրութիւններու միջեւ թուրք-Օսմանեան եւ պարսիկ-Սեֆեւեաններու միջեւ։

Հայաստանը եւ իր Նարեկայ Վանքի ռազմավարական կարեւոր դիրք ունենալով, երկու կայսրութիւններ կ՚ուզէին իրենց սահմաններէն ներս, ունենալ Հայաստանը։ Այդ պատերազմը տեւեց մօտ երկու տասնեակ տարիներ, Հայաստանի Շիրակ, Արեւմտեան դաշտը, Սիւնիք եւ Նախիջեւանը Օսմանցիներու կողմէ ենթարկուեցան կողոպուտի, քանդումի, հայկական աշխարհը քարուքանդ ընելով, իսկ միւս կողմէ պարսիկները գրաւեցին բարձր Հայքը եւ Վասպուրականի շրջանը։

Մայիս 29, 1555-ին այս երկու տասնեակ տարիներ պատերազմող Օսմանեան եւ պարսկական կայսրութեանց պատերազմը վերջ գտաւ համաձայնութեամբ մը, եւ Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով բաժնուեցաւ Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ։ Նարեկայ Վանքը եղաւ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս բացի անկէ այդ տարիներուն երկու մեծ երկրաշարժներ տեղի ունեցան Վասպուրականի շրջանի մէջ, ուր Նարեկայ Վանքը կը գտնուէր։

Պատմական, քաղաքական եւ մշակութային այս խոր ուսումնասիրութեամբ, հեղինակի ներկայացուցած է Նարեկայ Վանքի պատմաշրջանը իր բոլոր երեսներով հաճելի ընթերցումով կը ծանօթացնէ մեր հոգեւոր կեանքի այս գլուխ գործոց վանքի գործունէութեան մասին։

Ինչպէս յիշեցինք, Նարեկայ Վանքի մեծագոյն եւ անմահագոյն գլուխ գործոց եղաւ ու կը մնայ վանքի Անմահ մշտնջենական պտուղը՝ «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթամատեանը։ Գրիգոր Նարեկացին այս մատեանը գրեց 1002 թուականին 55 տարեկան կեանքի փորձառութեամբ հասուն տարիքին մէջ։

Մատեանը կը բաղկանայ 95 գլուխներէ եւ ընդհանուր 366 ստորաբաժանումներէ, այնպէս որ այդ Մատեանը գրուած է որպէս տարուան իւրաքանչիւր օրուայ աղօթագիրք եւ աղաչանքագիրք մը։

Ս. Գիրքէն ետք հայ ժողովուրդի ամէնէն շատ կարդացուած եւ սիրուած գիրքն է այս մատեանը, որ հազար տարիէ իվեր եղած է  հայ տուներուն պահապանը, ցաւերու եւ հիւանդներու բուժիչ, հոգիներու մխիթարիչ։ Այս գիրքը մեր ժողովուրդին համար  միայն «Նարեկ» բարով ծանօթ է։

Հայ եկեղեցիին մէջ Նարեկը Սուրբ Խորանին վրայ Ս. Աւետարանի կողքին, կը դրուի պատարագի ատեն։ Այս «Մատեան»ին մասին բազմաթիւ հայ եւ օտար դէմքեր գրած են, որոնցմէ մին Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը այսպէս գրած է այս գիրքին մասին։

«Լեզուն չէ որ խօսում է, բերանը չէ, որ պատմում է, կրակուած սիրտն է, որ այրւում է, տանջուած հոգին է, որ մռնչում է մինչեւ երկինք»։ Այս մատեանը թարգմանուած է 30-է աւելի լեզուներու, գրական գլուխ գործոց մըն է, ուր կը համեմատուի Հոմերոս Կոմիտասի, Դանթէի, Շէյքսպիրի եւ Կոթէի գործերուն հետ, կ՚ըսէ հեղինակը։

Գրիգոր Նարեկացիի բազմաբեղուն վաստակը, անոր հրաշագործութիւնները, ժողովուրդի կողմէ անոր հանդէպ ունեցած սէրը շատ գեղեցիկ եւ հաճելի ձեւով ներկայացուած են այս հատորին մէջ, որոնք ցոյց կու տան հեղինակին՝ Պետրոս Մովսէսի Թովմասեանի ճաշակը եւ գրելու գնահատելի ոճը։

Նարեկայ Վանքը, որ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնաւ եւ հազար տարի հայ հողին վրայ գործեց, եւ որպէս կենդանի վկայ տեսաւ մեր ժողովուրդին դաժան եւ լուսաւոր օրերը։

Դժբախտաբար 1895-ին Ապտուլ Համիտ հրէշ Սուլթանի կողմէ, հայ ժողովուրդը կ՚ենթարկուի մեծ ջարդի մը, զոր մանրամասնութեամբ կը կարդանք այս գիրքին մէջ Նարեկայ Վանքի եւս թուրք ջարդարարներու կողմէ այրուեցաւ, հայութեան եւ մարդկութեան լուսաշող այս աստղին լոյսը մարեցաւ, բայց անոր «Նարեկ» գիրքով վերածնաւ եւ մարդկութեան եւ հայութեան պատմութեան մէջ անմահ մնաց։

Այսօր Գրիգոր Նարեկացին աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն մօտ ծանօթ անուն մըն է, իսկ Վատիկանի մէջ Ապրիլ 5, 2018 Արհիապատիւ Ֆրանսիսքօ Պապի ներկայութեամբ Վատիկանի մէջ կանգնած է Գրիգոր Նարեկացիի արձանը, եւ Վատիկանի Հայրապետը հայ Սուրբին շնորհած է «Եկեղեցւոյ Ուսուցիչ» կոչումը։

Յիշենք, թէ այս տիտղոսը Վատիկանի կողմէ հաստատուած է 1298-ին, եւ այդ թուականէն մինչեւ օրս միայն 36 «Եկեղեցւոյ Ուսուցիչ» ունեցած է Վատիկան, որուն վեր՚ջինն էր հայազգի Գրիգոր Նարեկացին։

Այսօր երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի Ապրիլ 24, 2020 ոգեկոչելու համար մեր սրբադասուած նահատակներուն անմահ յիշատակը որքան տեղին եւ շահեկան վկայութիւն եւ գործ մըն է Նարեկայ Վանքին նուիրուած այս հատորը։ Այս վանքին նման բազմաթիւ վանքեր, եկեղեցիներ, կալուածներ եւ ինչքեր կողոպտուեցան, քանդուեցան եւ այրուեցան թուրք եւ անոնց գործիչ դարձած քիւրտերու կողմէ։ Բազմահազար հայեր կրօնափոխ եղան եւ այժմ կ՚ապրին պատմական մեր հայրենի հողին վրայ։

Այո այս բոլորին հաշիւը անպայման պիտի պահանջուի թուրք իշխանութիւններէն եւ բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեան ըսածին պէս.

Թուրքին «Պիտի զարնեն քեզ անոնք որ քեզ յաճախ փրկեցին»

Մինչ այդ ձեռքի ամուր սեղմումով կը շնորհաւորենք Պետրոս Մովսէսի Թովմասեանը հայրենսիրական այս խիստ շահեկան հատորին համար եւ մեզի տրուած անսպառ տեղեկութիւններուն համար, մաղթելով իրեն նորանոր հրատարակութիւններ։

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment