Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Նախապէս Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Շուրջ Կատարած իր Յայտարարութիւններուն Վրայ Որեւէ Բան Աւելցնելու Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ

Վարչապետը Նախապէս Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Շուրջ Կատարած իր Յայտարարութիւններուն Վրայ Որեւէ Բան Աւելցնելու Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետը նախապէս Լեռնային Ղարաբաղի հարցի շուրջ կատարած իր յայտարարութիւններուն վրայ որեւէ բան աւելցնելու, ինչպէս նաեւ որեւէ յայտարարութիւն սրբագրելու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ: Այս մասին, ի պատասխան «Ազատութեան» գրաւոր հարցումին, նշած են վարչապետի աշխատակազմէն:

«Ազատութիւնը», հետաքրքրուած էր, թէ հաշուի առնելով պաշտօնական Երեւանի այն պնդումները, որ բանակցային սեղանին որեւէ փաստաթուղթ չկայ, որքանո՞վ իրականութեան կը համապատասխանէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին յայտարարութիւնը, ինչ առաջարկներ քննարկուած են անցեալ տարի Ապրիլին, Մոսկուայի մէջ, ինչ յղում կ’ակնարկէ, արդեօ՞ք այդ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է խնդրի լուծման փուլային տարբերակը, եւ ինչ է պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը այդ տարբերակի շուրջ։ Բացի այդ, «Ազատութիւնը» հարցուցած էր նաեւ, թէ ինչ նախագիծեր այս պահուն կը քննարկուին, բանակցային սեղանին ընդհանրապէս կա՞յ որեւէ փաստաթուղթ, որքանո՞վ անոնք ընդունելի են հայկական կողմերուն համար, եւ եթէ Լաւրովի յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ, արդեօ՞ք պաշտօնական Երեւանը կը պատրաստուի բացատրութիւն պահանջել ռուսական կողմէն։

«Միաժամանակ նշենք, որ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ձեր կողմից նշուած հարցերի վերաբերեալ ներկայացրել է բոլոր անհրաժեշտ պարզաբանումները»,- ըսուած է գրաւոր պատասխանին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Լաւրով յայտարարած էր, թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այժմ  աշխուժօրէն կը քննարկեն ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման նախագիծերը, որոնք առաջարկուած են անցեալ տարի Մոսկուայի մէջ, ԵԱՀԿ (Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ, եւ քննարկումներու հիմքը խնդրի փուլային կարգաւորման սկզբունքներն են:

Լաւրովի յայտարարութեան արձագանքած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեանը՝ ընդգծելով, մասնաւորապէս, որ «Ղարաբաղեան բանակցութիւններում որեւէ հայկական կողմ նոյնիսկ չի կարող ենթադրել, որ հնարաւոր է վերանայել պաշտպանական գծերը՝ վտանգի տակ դնելով Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment