Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Համար Ընդունելի Չեն Ղարաբաղեան Կարգաւորման Փուլային Տարբերակը. Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Խօսնակ

Հայաստանի Համար Ընդունելի Չեն Ղարաբաղեան Կարգաւորման Փուլային Տարբերակը. Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Խօսնակ

by MassisPost

2019-ի Ապրիլ 15-ի հանդիպման արդիւնքները ձեւակերպուած են Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարներու եւ ԵԱՀԿ (Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ կ’ուրուագծէ բանակցութիւններու շրջանակը, չի ներառեր որեւէ յղում կամ նոյնիսկ ակնարկ կարգաւորման փուլային տարբերակի մասին: Այս մասին յայտարարած  է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղտալեան պատասխանելով «Քոմերսանթ»-ի հարցին:

«Վերջին օրերին տարբեր անդրադարձներ են կատարուել Լեռնային Ղարաբաղի  խաղաղ կարգաւորման շուրջ, որոնցում նշուել է կարգաւորման փուլային մօտեցման մասին։ Խնդրում ենք պարզաբանել՝ արդեօ՞ք 2019 թուականի Ապրիլի 15-ի հանդիպմանը քննարկուել են ինչ-որ փաստաթղթեր, որոնք ենթադրում են ղարաբաղեան կարգաւորման փուլային տարբերակ: Դրա վերաբերեալ ի՞նչ դիրքորոշում է արտայայտել հայկական կողմը: Ո՞րն է Հայաստանի ներկայիս դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացում», – Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան համաձայն՝ հարցուցած է ռուսաստանեան պարբերականը:

Հարցին ի պատասխան՝ Նաղտալեան շեշտած է. – «Հայկական կողմերի համար ընդունելի չէ կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որը չի նախատեսում Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի առանց որեւէ սահմանափակման իրականացումը եւ կարող է վտանգել Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը։ Հայաստանի համար ընդունելի չեն դեռեւս մինչեւ 2018 թուական ներկայացուած եւ ղարաբաղեան խաղաղ կարգաւորման փուլային տարբերակ ենթադրող առաջարկները: Աւելին, 2018թուականից ի վեր Հայաստանը չի վարում բանակցութիւններ, որոնք հիմնուած կը լինեն փուլային կարգաւորման վրայ»:

«Հայաստանն ունի յստակ տեսլական հաւասարակշռուած, փոխզիջումների եւ հաւասարարժէք յանձնառութիւնների վրայ հիմնուած այն մօտեցումների վերաբերեալ, որոնք հնարաւոր կը դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար եւ տեւական կարգաւորումը», – ըսած է Նաղտալեան:

Յիշեցնենք, որ Լաւրով յայտարարած էր, թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այժմ աշխուժօրէն կը քննարկեն ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման նախագիծերը, որոնք առաջարկուած են անցեալ տարի Մոսկուայի մէջ, ԵԱՀԿ (Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ, եւ քննարկումներու հիմքը խնդրի փուլային կարգաւորման սկզբունքներն են:

Լաւրովի յայտարարութեան արձագանքած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեանը՝ ընդգծելով, մասնաւորապէս, որ «Ղարաբաղեան բանակցութիւններում որեւէ հայկական կողմ նոյնիսկ չի կարող ենթադրել, որ հնարաւոր է վերանայել պաշտպանական գծերը՝ վտանգի տակ դնելով Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment