Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պատգամ Ուղղեց Հայաստանի Ժողովուրդին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պատգամ Ուղղեց Հայաստանի Ժողովուրդին

by MassisPost

Ուրբաթ, Ապրիլ 17-ի երեկոյեան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատգամ ուղղեց քաղաքացիներուն, իրազեկելով՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պայմաններուն տակ երկրի դիմագրաւած առողջական եւ տնտեսական դժուարութիւններուն ու տարուող աշխատանքներուն:

Վարչապետը յայտնեց որ, վարակի տարածումը կը շարունակէ մնալ կառավարելի եւ փուլ առ փուլ կը թոյլատրուի տնտեսական գործունէութեան վերսկսումը՝ զանազան ոլորտներէն ներս:

«Մեր ռազմավարական խնդիրը հետեւեալն է. այնպէս անել, որ վարակուածների թիւը լինի հնարաւորինս քիչ եւ առողջապահական համակարգի համար տանելի: Միւս կողմից մենք չենք կարող անվերջ փակուած լինել եւ անվերջ ապրել կարանտինի կամ արտակարգ դրութեան պայմաններում, հետեւաբար, մեր ռազմավարական խնդիրն է՝ ապրել կորոնավիրուսին զուգահեռ, ըստ անհրաժեշտութեան, նրա հետ համատեղ: Արտակարգ դրութեան առաջիկայ ժամանակաշրջանը մենք պէտք է օգտագործենք հենց սրա համար անհրաժեշտ հմտութիւններ ձեռք բերելու նպատակով», ըսաւ Փաշինեան:

«Աշխարհի շատ երկրներում Հայաստանի օրինակն ի ցոյց է դրւում, թէ ինչպէս է պէտք վարուել սեփական քաղաքացիների հետ օրհասական եւ ճգնաժամային պահերին», – աւելցուց Հայաստանի վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան նաեւ յայտնեց, որ այս օրերուն ապահովուած է հազարաւոր ՀՀ քաղաքացիներու վերադարձը հայրենիք, ինչ որ կատարուած է ինչպէս պետական պիւտճէի միջոցներով, այնպէս ալ հայաստանեան եւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու ու բարերարներու աջակցութեամբ:

Վարչապետը ապա թուարկեց ժողովուրդի տարբեր խաւերու, ինչպէս նաեւ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալող հիմնարկներուն տրուող օժանդակութեան ծրագիրները:

Փաշինեան իր ելոյթը աւարտեց, կրկնելով Յեղափոխութեան օրերուն իր կողմէ բազմաթիւ անգամներ հնչած կարգախօսով՝ «Հայաստանի ապագան կախուած է մէկ մարդուց, եւ այդ մէկ մարդը դու ես»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment