Home ՍՓԻՒՌՔ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը Հաստատած է Հայերէնով Դասաւանդողներու Առցանց Ուսուցումի Մրցանակ

Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը Հաստատած է Հայերէնով Դասաւանդողներու Առցանց Ուսուցումի Մրցանակ

by MassisPost

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը յայտարարէ նոր մրցանակ մը հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու համար:

Աշխարհի տարբեր ծագերուն, պսակաձեւ ժահրին հետեւանքով, հայերէնի ուսուցիչները ստիպուած կ՚ապաւինին առցանց ուսուցումին։ Ճիշդ է որ առցանց ուսուցումը մանկավարժական, ինչպէս նաեւ հոգեբանական մեծ բեռ մըն է շատ մը ուսուցիչներու համար, սակայն նկատելի է որ այսօր Սփիւռքի դպրոցները հետզհետէ կը դիմեն դասաւանդումի նորարար ձեւերու։

Այս առումով, տարբեր հնարամիջոցներ գործածող ուսուցիչներ իրենց առցանց դասարաններուն մէջ կ՚որդեգրեն ուսուցման նոր ձեւեր եւ կը դիմեն արհեստագիտական նոր միջոցներու։ Գնահատելու համար անոնց ջանքերը եւ նկատի առած մեր առաջնահերթութիւնները՝ յատկապէս արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը փափաքի քաջալերել հայերէնով դասաւանդող Սփիւռքի ուսուցիչներու համացանցային նախաձեռնութիւնները, մրցանակներ շնորհելով մշակուող եւ կիրարկուող ամենէն նորարար, իւրայատուկ եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներուն։

Այս ծրագիրներու շարքին կրնան ըլլալ տեսերիզները, դասերու նախագիծերը, թուային գիրքերը, համացանցային դասարաններու ձեւաւորումը, եւ մանկավարժական այլ նիւթեր՝ պատրաստուած ուսուցիչին կողմէ, որպէս առցանց ուսուցումի միջոց։ Նիւթերուն պարունակութիւնը պէտք է ըլլայ հայերէնով, բայց պարտադիր չէ որ անոնք վերաբերին միայն հայերէն լեզուի դասապահերուն, այլ ինչո՞ւ չէ թուաբանութեան, գիտութեան, աշխարհագրութեան, եւ հայերէն լեզուով դասաւանդուող որեւէ ուրիշ նիւթի։

Գնահատումը պիտի կատարուի երկու շաբաթը անգամ մը, մինչեւ մայիսի վերջ. մրցանակակիրները պիտի ստանան 500 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ նպաստ մը (նոյն անհատը կամ խմբակը երկու անգամէ աւելի չի կրնար մրցանակակիր դառնալ)։

Դիմումները եւ հարցումները պէտք է ուղղուին՝ [email protected] հասցէին, մինչեւ 31 Մայիս 2020։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը։

Poster Prizes Teaching in Armenian online

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment