Home ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՍԴՀԿ Լիբանանի Մասնաճիւղերը նպաստ Կը Բաշխեն Հայութեան

ՍԴՀԿ Լիբանանի Մասնաճիւղերը նպաստ Կը Բաշխեն Հայութեան

by MassisPost

Արդէն քանի ամիսէ ի վեր Լիբանան կը գտնուի տնտեսական ճգնաժամային իրավիճակի մէջ: Ժողովուրդին մեծ տոկոսը արդէն կը տառապէր անգործութենէ եւ անել վիճակէ, երբ վրայ հասաւ Գորոնա ժահրի համաճարակը եւ ամբողջովին կործանեց երկրին տնտեսութիւնը:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, որ իր ծննդեան օրէն հոգացած է հայ ժողովուրդի նիւթական եւ բարոյական կարիքները, ի տես այս կացութեան եւ մեկնելով Լիբանանի տնտեսական շատ դժուար պայմաններէն, անգամ մը եւս ապացուցեց, որ ինք կը կանգնի լիբանանահայութեան թիկունքին եւ պատրաստ է իր ամբողջ ուժերը դնելու ի սպաս հայ ժողովուրդի ծառայութեան:

lebanon-2

Առ այդ, Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանին մէջ գործող բոլոր մասնաճիւղերը միասնաբար ծրագրեցին նպաստաբաշխումի` հայահոծ շրջաններու ժողովուրդին, եւ կամաւորաբար ու միասնական ճիգերով աշխատելով շուրջ ութ հարիւր սնտուկ նպաստներ պատրաստեցին:

Այս նախաձեռնութեան յաջողութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր այն ազգայիններուն, որոնք, ընդառաջելով մեր խնդրանքին, նիւթապէս իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ սատար հանդիսացան այս ծրագրի գործադրութեան: Յոյսով ենք, որ յառաջիկային անոնք դարձեալ կը շարունակեն իրենց ազգանուէր օժանդակութիւնը, որպէսզի մենք ալ, մեր կարգին, շարունակենք մեր աշխատանքները եւ բոլորս իրար կողքին կանգնելով փորձենք այս դժնդակ օրերուն թեթեւցնել հայ ժողովուրդին բեռը:

lebanon-4

Վարձքը կատար բոլորին: Մնացէք տունը, մնացէք առողջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment