Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերն Աւելցած են 42-ով եւ Հասած 1201-ի

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերն Աւելցած են 42-ով եւ Հասած 1201-ի

by MassisPost

ՀՀ Առողջապահութեա նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնէն յայտնած են, որ Ապրիլ 17-ի դրութեամբ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 1201–ի (երէկ՝ 1159)։

Ապաքինուած է 402 մարդ։ Փաստացի բուժում կը ստանայ 780 հիւանդ։ Մինչ օրս գրանցուած է մահուան 19 դէպք։ Ընդհանուր կատարուած է 10793 հետազօտութիւն, միայն երէկ կատարուած է 1161 հետազօտութիւն։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ փաստացի կը բուժուի 780 անձ: Մահացած է եւս մէկ մարդ, մահացածներու ընդհանուր թիւը 19 է։ Առողջապահութեան նախարարի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը փոխանցած է՝ Ապրիլ 16-ին, մահուան մէկ դէպքն արձանագրուած է «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment