Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Պիտի Ունենայ Ամենայաջող Տնտեսական Հեռանկարը Հարաւկովկասի Մէջ. WB, IMF, ADB

Հայաստան Պիտի Ունենայ Ամենայաջող Տնտեսական Հեռանկարը Հարաւկովկասի Մէջ. WB, IMF, ADB

by MassisPost

Միջազգային ելեւմտական հեղինակաւոր կառոյցներու համաձայն, թէեւ հարաւկովկասեան երեք երկիրներու մէջ տնտեսական աճի դանդաղում կամ անկում կը սպասուի, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, սակայն Վրաստանի ու Ատրպէյճանի համեմատ Հայաստանն այս տարի պիտի ունենայ աւելի յաջող տնտեսական հեռանկար։

Ասիական զարգացման դրամատան՝ այս Ապրիլին հրապարակած գնահատականի համաձայն, Հայաստանը տարին պիտի փակէ 2,2 տոկոս տնտեսական աճով, Ատրպէյճանը՝ 0,5, իսկ Վրաստանը՝ 0 տոկոս։

Համաշխարհային դրամատան կանխատեսումը աւելի համեստ է․ 2020-ին Հայաստանը պիտի ունենայ 1,7 տոկոս տնտեսական աճ, Վրաստանը՝ 0,1 տոկոս աճ, այնինչ Ատրպէյճանի մէջ անկում պիտի գրանցուի՝ 0,2 տոկոս։

Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի գնահատականները աւելի խիստ են. հարաւկովկասեան երեք պետութիւններու մէջ ալ տնտեսական անկում կը սպասուի՝ Հայաստանի մէջ 1,5 տոկոս, Ատրպէյճանի մէջ 2,2 տոկոս, իսկ Վրաստանի մէջ 4 տոկոս։

Ազգային ժողովի իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, տնտեսագէտ Արտակ Մանուկեանի խօսքով, այս թիւերը կը վկայեն, թէ որքան արդիւնաւէտ է Հայաստանի իշխանութիւններու վարած տնտեսական քաղաքականութիւնը․ – «Վրաստանի տնտեսութիւնը շատ աւելի մեծ կախուածութիւն ունի զբօսաշրջային հոսքերից, քան Հայաստանի տնտեսութիւնը։ Եւ այս շրջածիրից ներս պարզ է, որ քանի որ առնուազն ակնյայտ է, որ զբօսաշրջութիւնը լինելու է թերեւս ամենախոցելի ոլորտներից մէկը։ Այս առումով Հայաստանը, մշակող արդիւնաբերութեան ոլորտում արձանագրուած առաջանցիկ քայլերի շնորհիւ, որոշակիօրէն տնտեսութեան կառուցուածքը փոխել էր, եւ ինչ-որ առումով նաեւ տեսակաւորուեր էր։ Իսկ Ատրպէյճանի պարագայում ակնյայտ այստեղ նաւթի գների գործօնը կայ»։

Հայաստանի այս տարուան պետական պիւտճէին համաձայն, 2020-ին երկիրը պէտք է գրանցէր 4,9 տոկոս տնտեսական աճ։ Իշխանութեան ներկայացուցիչները թէեւ դեռ նոր թիւ չեն հրապարակած, սակայն նշած են, որ ընթացիկ տարուան տնտեսական ցուցանիշները էականօրէն ցած պիտի ըլլան նախատեսուածէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment