Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ապրիլ 24 – Լոս Անճելոսի Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչումները

Ապրիլ 24 – Լոս Անճելոսի Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչումները

by MassisPost

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելոսի Միացեալ Մարմինը, Միացեալ Հայ Երիտասարդները եւ Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբ միաւորը, որոնք պատասխանատու են Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի միջոցառումները կազմակերպելու, նկատի առնելով «քորոնա» ժահրի պատճառով զանգուածային հաւաքներու տեղական եւ նահանգային իշխանութիւններու կողմէ կիրառուած առողջապահական հրահանգները, միասնաբար կը յայտարարեն իրենց փոխընտրական ծրագիրները

Աւանդութիւն դարձած Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին մօտ հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի, Հոլիվուտի Փոքր Հայաստան թաղամասի քայլարշաւի եւ Լոս Անճելոսի Թրքական հիւպատոսութեան դիմաց բողոքի ցոյցի փոխարէն, աշխատանք կը տանին համաքաղութային ծրագիրը, Ապրիլ 24, 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ամբողջ օրուայ յայտագիրով ներկայացնելու տեղական հայկական պատկերասփիւռի կայաններէն եւ քանի մը ժամով ուղիղ սփռումը համացանցի միջոցով:

Ամբողջ օրուայ ոգեկոչման ընթացքին կը ներկայացուին շարք մը նշանաւոր պետական պաշտօնեաներ, համայնքներու ղեկավարներ եւ հոգեւորականներ, ինչպես նաեւ տեղեկատուական քննարկումներ՝ կապուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, արդար հատուցումներու, եղեռնի զոհերու վերահաստատման եւ յանցագործութեան վերականգնման մասին: Բացի այդ, ակնդիրները հնարաւորութիւն կ’ունենան տեսնելու ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ֆիլմեր եւ լսելու մեր համայնքի յայտնի անհատականութիւններէն եւ մշակութային ներկայացումներ՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու համար:

Donate Food

Հայոց ցեղասպանութիւնը անպատմելի սարսափներ առաջացուց Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ ապրող հայ բնակչութեանը, ներառեալ զանգուածային սով: Այն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ, Ամերիկացիները ամենամեծ օգնութեան ջանքերը կատարեցին, հիմնելով Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան յանձնաժողովը, որպէսզի օգնութիւն ցուցաբերեն ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն: Հայերը երբէք չեն մոռցած Ամերիկացի ժողովուրդի բարեսիրութիւնն ու մեծահոգութիւնը: 105 տարիներ ետք, «Քորոնա» ժահրի բերած աննախադէպ մակարդակի գործազրկութեան պատճառով, այժմ Ամերիկացիները կանգնած են ճգնաժամային անապահովութեան դիմած: Ճգնաժամային այս դրութենէն դուրս գալու անհրաժեշտութեան լուծման համար, Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելոսի Միացեալ Մարմինը, Միացեալ Հայ Երիտասարդները եւ Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբ միաւորը, Feeding America կազմակերպութեան հետ համագործակցելով, սկսած է դրամահաւաքի արշաւի, Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէկ ու կէս միլիոն կարոտեալի ճաշ տրամադրելու համար, ի յիշատակ մեր ընկած նահատակներուն եւ առ ի երախտագիտութիւն մեզի օգնութեան հասած Ամերիկացի ժողովուրդին:  Այս դրամահաւաք արշաւի միջոցով, ամբողջ հայ համայնքը պիտի կարողանայ իր շնորհակալութիւնը յայտնել Ամերիկային՝ մեր ամենայ դժուար պահին, իր կատարած մարդասիրութեան համար, եւ որպէս Ամերիկահայեր, ժամանակն է փոխադարձելու նաեւ փոխադարձելու մեր ուժերը ի սպաս դնելով՝ օգնելու համար այս դժուար պահերուն, անոնց որոնց սնունդի պակաս ունին, համայնքներուն եւ առանց պատկանելիութեան համար խտրականութիւն դնելու:

Ոգեկոչման եւ 1,5 միլիոն կերակրման ծրագիրի մասին, աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ շուտով կը հրապարակուին:

Հակառակ հսկայական մարտահրաւէրներուն, որոնք ամբողջ մարդկութեան ազդած է, Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելոսի Միացեալ Մարմինը, Միացեալ Հայ Երիտասարդները եւ Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբ միաւորը հիմք ունենալով ծայրահեղօրէն անբարենպաստութեան առջեւ կանգնած մեր նախահայրերու ահռելի օրինակը, որոնք պատշաճօրէն վերածնունդ առած են աւելի ուժեղ քան երբեւէ, հավատարիմ կը մնայ Հայ Դատին եւ միասնաբար կ’աշխատի լուծում գտնալու հայոց ցեղասպանության յանցագործութեան արդարացի բանաձեւին՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջելով ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպես նաեւ արդար փոխհատում:

Մեր աշխատանքը կը շարունակուի: Կանգնած ենք միասնական եւ մեր ձայնը լսելի պիտի դարձնենք 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոկ դարձաց մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատկին:

Յուսով ենք, որ այս համաշխարհային ժահրը շուտով կը հասնի իր աւարտին, եւ մեր բոլոր համայնքները կը վեր կը բարձրանան աւելի զօրաւոր, քան երբեւէ:

Միաւորը ամենայն բարիք կը մաղթէ ձեզի: Մնաք միշտ առողջ եւ ապահով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment