Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելոս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի «Քորոնա» Ժահրի մասին Թարմ Տեղեկութիւնները Ուղղուած Հայութեան

Լոս Անճելոս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի «Քորոնա» Ժահրի մասին Թարմ Տեղեկութիւնները Ուղղուած Հայութեան

by MassisPost

Ապրիլ 16-ին, Լոս Անճելոս Գաւառի Առողջապահութեան Բաժանմունքը տեղեկացուց որ, 55 մահուան դէպքեր արձանագրուած են անցնող 24 ժամուայ ընթացքին եւ «Քորոնա» Ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 10,854-ի:

Լոս Անճելոս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի մասնագէտ՝ Երան Այվազեան Հայերէն լեզուով այսօր պատգամ ուղղեց, ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին՝ կոչ ընելով Ամերիկահայ համայնքին, որ շարունակէ հետեւիլ առողջութեան կանոններուն, որպէսզի չվարակուի հիւանդութեամբ:

Ստուգելու համար եթէ իրաւունք ունիք «Քորոնա» Ժահրի քննութիւն պահանջելու եւ շարժական կեդրոններու մէջ քննութեան ժամադրութիւն ստանալու համար կրնաք այցելել Լոս Անճելոս Գաւառի կայքէջը՝ https://covid19.lacounty.gov/testing/.

Վերջին տուեալներու համաձայն Կլէնտէլը կը շարունակէ մնալ, մինչեւ օրս վարակակիրներու ամէնէն մեծ թիւը ունեցող քաղաքներէն մէկը, ուր արձանագրուած է 288 դէպք: Հայաշատ այլ շրջանները կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը՝ Պըրպէնք 117 դէպք, Արեւելեան Հոլիվուտ 54 դէպք, Հոլիվուտ 125 դէպք, Փոքրիկ Հայաստան 51 դէպք, Մոնթեպելլօ 66 դէպք, Հիւսիսային Հոլիվուտ 148 դէպք, Նորթրիճ 58 դէպք, Փասատինա 184 դէպք, Սանլէնտ 36 դէպք եւ Թահանկա 21 դէպք:

Բոլոր քաղաքներու լրիւ պատկերին ծանօթանալու համար կարելի է այցելել http://publichealth.lacounty.gov/media/Coronavirus/ կայքէջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment