Home ՀՆՉԱԿԵԱՆ Սուրիոյ Մէջ ՍԴՀԿ-Ի Գործունէութիւնը «Քորոնա» Ժահրի Ճգնաժամի Ընթացքին

Սուրիոյ Մէջ ՍԴՀԿ-Ի Գործունէութիւնը «Քորոնա» Ժահրի Ճգնաժամի Ընթացքին

by MassisPost

Վերջին ամիսներուն տարածուած եւ համաշխարհային բնակչութիւնը ահազանգի մէջ պահած «քորոնա» ժահրի համաճարակը Սուրիոյ մէջ եւս գտաւ իր արձագանգը, եւ պետութիւնը ստիպուած ձեռք առաւ կարեւոր միջոցներ կանխելու համար տարածումը, արդէն պատերազմէն յոգնած եւ տանջահար երկրին մէջ:

«Քորոնա» ժահրի նման դէպքեր, որոնք վերջին 140 տարուան ընթացքին պատահած են հինգ անգամ, վերջինը ըլլալով 2009-ի համաճարակը, ունին իրենց ուրոյն տարածման ձեւերը եւ բնութագրերը, որոնց հիմնական եղանակը օդակաթիլային ըլլալն է, այսինքն՝ մարդէ մարդ տարածուիլը օդին մէջ արտաշնչուած կաթիլներու միջոցով, որոնք ալ, իրենց հերթին, կը հանդիսանան ժահրին համար փոխադրամիջոց, սփռուելով աջ ու ձախ:

Հայ գաղութը զերծ պահելու համար նշեալ վարակէն, հայկական կազմակերպութիւնները, իրենց հերթին, լծուեցան գործի, զայն կանխարգիլելու եւ պաշտպան հանդիսանալու համար մեր տանջահար տարեց հայրենակիցներուն եւ վատառողջ մարդկանց խումբին: Իր հերթին, ՍԴՀԿ Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմինը կատարեց իր հայավարի պարտքը եւ կազմակերպեց սնունդի որոշ տեսակներու եւ մաքրման նիւթերու առաքում-մատակարարում տունէ-տուն:

Երկու շաբաթ առաջ, մեր կազմակերպութիւնները, որոնք կը գործեն ՍԴՀԿ-ի հովանիին ներքոյ, հաւաքուեցան եւ գործի դրին ծրագիր մը՝ անհրաժեշտ նիւթերը ապահովելու եւ ապա բաժնելու:

aleppo-3

ՍԴՀԿ-ի կազմակերպած ծրագիրը իրագործեցին տխրունիական, ՀՄՄ-ական եւ ՆՍՄՄ-ական տղաքը եւ աղջիկները. անոնք շտապեցին փուռերը եւ քիմապրանքածախ խանութները եւ ակումբ բերին շաբաթականի խմբաքանակ մը, ուր յետոյ այդ բոլորը տեղաւորեցին յատուկ ծրարներու մէջ, յանձնելու համար ուղղակի տուեալ քաղաքացիին: Բոլորը աշխոյժ եւ սրտցաւ մօտեցան գործին, ինքնամոռաց տրամադրութեամբ, մեր կուսակցութեան համազգեստը հագած եւ տոգորուած բարեսիրական աշխատանքի հմայքով, կատարեցին հսկայական աշխատանք յոյսով եւ մտքով:

Յաջորդ օրը, հասցէները ճշդելէ ետք, ընդունուած զանգերը համադրելով, խումբեր կազմած գացին ինքնաշարժերը եւ այցելեցին տուները:

Տարբեր թաղամասեր բաժնուեցան իրերը, եւ լսուեցան այնքա՛ն օրհնանքներ եւ աղօթքներ, որոնք հանդիսացան լաւագոյն նուէրները մեր տղոց համար: Խմբաքանակ մը առանձին յատկացուեցաւ Կիլիկեան Վարժարանի ուսուցիչներուն: Պահ մը հալէպահայի համար յուշերը տարին զիրենք դեռ թարմ մօտիկ անցեալը, ուր ժամը եւ պահը ծանրաբեռնուած էր պատերազմի ռումբերուն շաչիւններով, շտապ օգնութեան ինքնաշարժներու սուլոցներով: Նման էր ահա զանգը, բայց այս անգամ բնութեան կողմէ ստեղծուած անհանգստութեամբ մը:

aleppo-4

Այս ալ կ՛անցնի կþըսէին պապիկները եւ մամիկները, բազմապիսի դժբախտութիւններ տեսած վտարանդի հայու բեկորները, որոնք կարծես գիտէին թէ կեանքը ինչպէս պէտք էր ընթանար, մանաւանդ բազմաչարչար այս ժողովուրդին համար:

Մենք ալ, մեր հերթին, կը միանանք իրենց աղօթքին եւ կ՛ըսենք՝ պիտի անցնի:

ՅՈՎԻԿ ԱԹՈՔԵԱՆ
Հալէպ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment