Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Թերթը Բացայայտած է Թուրք Պաշտօնեային Սուտը՝ Չինական Արկղներուն Վրայ Արարատի Մասին Գրութեան Կապակցութեամբ

Թրքական Թերթը Բացայայտած է Թուրք Պաշտօնեային Սուտը՝ Չինական Արկղներուն Վրայ Արարատի Մասին Գրութեան Կապակցութեամբ

by MassisPost

Ermenihaber.am   կը հաղորդէ, որ  Ապրիլ 8-ին Չինաստանէն Հայաստան ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան արկղներուն վրայ եղած Արարատ լերան վերաբերեալ գրութիւնը իրարանցում յառաջացուցած էր Թուրքիոյ մէջ։

Իսկ գրութիւնը հետեւեալն էր. «Թող մեր բարեկամութիւնը ըլլայ աւելի բարձր, քան Արարատ լեռը եւ աւելի երկար, քան Եանցզի գետը»:

Թուրքերը կը դժգոհէին, որ արկղներու վրայի այդ մակագրութեամբ, փաստօրէն, Արարատ լեռը «վերագրուած էր Հայաստանին»։

Այդ կապակցութեամբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Համի Աքսոյը յայտարարած էր, որ իրենք պարզաբանում ստանալու նպատակով դիմած են Անքարայի մօտ Չինաստանի դեսպան Տենկ Լիին եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան։

Աւելի ուշ  Աքսոյը հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած էր.  «Չինաստանի դեսպանը մեզ տեղեկացուց, որ Հայաստան ուղարկուած օգնութիւնը հաւաքուած է տեղական ինքնակառավարման մարմնի կողմէ եւ Երեւան  ուղարկուած է մասնաւոր կազմակերպութեան մը միջոցով։ Այդ ՏԻՄ ղեկավարութեան կողմէն արկղներու վրայ միայն չինարէն գրութիւններ եղած են, որոնց մէջ Արարատ լերան մասին յիշատակում չէ եղած։ Մեզ հաղորդուած է, որ Արարատի վերաբերեալ անգլերէն լեզուով եղած գրութիւնները աւելցուած են աւելի ուշ»։

Սակայն թրքական «Takvim» թերթի կայքը հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր կ’երեւի, որ Չինաստանէն ստացուած արկղներու վրայ ինքնաթիռէն իջեցնելու պահուն իսկ, առկայ են վերոնշեալ մակագրութիւնները։ «Հետեւաբար, – կը փաստէ թրքական թերթը, – Արարատ լերան վերաբերեալ գրութիւնը յետոյ չէ աւելցուած, ինչպէս կը հաստատէ Չինաստանի դեսպանը, այլ եղած է նախապէս, դեռ մինչեւ Չինաստանէն ուղարկուիլը»։

Աւելցնենք նաեւ, որ չինական «Global Times» պարբերականը եւս հաստատած է, որ Արարատի մասին գրութիւնը ի սկզբանէ եղած է արկղներուն վրայ, ոչ թէ հետագային աւելցուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment