Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քորուփցիոն Գործելակերպով Ձեռք Բերուած Ունեցուածքը Պիտի Վերադարձուի Պետական Պիւտճէ

Քորուփցիոն Գործելակերպով Ձեռք Բերուած Ունեցուածքը Պիտի Վերադարձուի Պետական Պիւտճէ

by MassisPost

Ապօրինի գոյքի բռնագանձման օրէնքը այսօր խորհրդարանին մէջ կը քննարկուէր երկրորդ ընթերցումով։ Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը շեշտեց, որ այս օրէնքի հասցէատէրերը բարեխիղճ, օրինական ճանապարհով հարստացած քաղաքացիները չեն։ Այս օրէնքի քաղաքական ուղերձն է, վաղ թէ ուշ ապօրինի ճանապարհով ձեռք բերուած ունեցուածքը վերադարձնել պետական պիւտճէ, յայտարարեց իշխող խմբակցութեան ղեկավարը։

«Սա գործիք է, որով ժամանակին ապօրինի շատ դէպքերում քորուփցիոն գործելակերպով ձեռք բերուած եւ հմտօրէն հետքերը թաքցրած պաշտօնական դիրքի չարաշահմամբ հարստացած մարդկանց կողմից ձեռքբերուածը վերադարձուելու է պետական պիւտճէ դատարանի որոշմամբ»,- ըսաւ Մակունց:

«Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրինագծով կը ներդրուի առանց մեղադրական դատավճիռի գոյքի բռնագանձման ինսթիթիւթը։ Այս օրէնքի հասցէատէրերը նախկին ու ներկայ պաշտօնեաներն են։ Օրէնքը թոյլ կու տայ բռնագանձել գոյքը, որու ձեռք բերումը չի հիմնաւորուիր օրինական եկամուտի աղբիւրներով։ Ուսումնասիրութեան համար հիմք կը հանդիսանան որոշակի ազդակներ՝ քորուփցիոն բնոյթի յանցագործութիւնը, եւ օրինակ, ապօրինի ծագման վերաբերեալ գործադիր հետախուզական տուեալը։

Ըստ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեանի՝ գործադիր հետախուզական տուեալի ազդակը միայն պաշտօնատար անձերու կը վերաբերի, իսկ քրէական գործով անցնելու ազդակը լայն է, ոչ միայն պաշտօնեաներուն կը վերաբերի։ Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման քննութեամբ կը զբաղի գլխաւոր դատախազութեան կազմէն ներս գործող իրաւասու մարմինը։ Ազդակները ստանալուն պէս, իրաւասու մարմինը առաւելագոյնը 3 տարուայ ընթացքին, կը նախապատրաստէ հայց եւ կը ներկայացնէ դատարան։

Ըստ նախագծի՝ իրաւասու մարմինը կ’որոշէ ուսումնասիրուող ժամանակահատուածը, որ կրնայ ներառել բացառապէս 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ին յաջորդող ժամանակահատուածը.- «Ուսումնասիրուող ժամկէտի մասով արձանագրուել է, որ ուսումնասիրութիւնը սկսելուց առաջ պէտք է ներառի առաւելագոյնը տասը տարի նախորդող, իսկ բացառիկ դէպքերում, երբ պահպանուել են գործի համար էական ապացոյցները, աւելի երկար, բայց սահմանափակուելով 1991 թուականից յետոյ ընկած ժամանակահատուածով»,- նշեց նախարարը:

Ապօրինի գոյքի բռնագանձման օրինագիծը առաջին ընթերցումով ընդունուած էր Մարտի սկզբը։ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը կողմ քուէարկած էր, այն պայմանով, որ մինչեւ երկրորդ ընթերցում, հաշուի առնեն իրենց շուրջ երեք տասնեակ առաջարկները, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը ձեռնպահ քուէարկած էր, դարձեալ առաջարկութիւններ ներկայացնելով։ Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու առաջարկները հաշուի առնուած են, բայց ոչ ամբողջութեամբ։

Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեան ներկայացուց լրամշակուած նախագիծը, թուարկեց փոփոխութիւնները, շեշտելով, որ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի նուազագոյն շեմը 25 միլիոնէն դարձած է 50 միլիոն դրամ, ինչ որ ընդդիմադիրներու առաջարկն էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment