Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 44-ով, կը Բուժուին 797 Պարագաներ

Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 44-ով, կը Բուժուին 797 Պարագաներ

by MassisPost

Մէկ օրուայ ընթացքին Հայաստանի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 44-ով, հասնելով 1111-ի, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը: Եւս մէկ մարդ մահացած է, այսպիսով՝ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով Հայաստանի մէջ մահացած է 17 հիւանդ։

Նիկողոսեանի համաձայն՝ անցնող մէկ օրուայ մէջ կատարուած է 779 հետազօտութիւն.- «Վերջին 4 օրերի ընթացքում թիւը տատանուում է մինչեւ 700-ի շրջանակներում, այսինքն` մենք օրուայ ընթացքում բազմաթիւ հետազօտութիւններ ենք կատարում, ու 779-ից 44-ն է միայն հաստատուած դէպքերի թիւը»:

Ապրիլ 15-ի տուեալներուն համաձայն՝ «Քորոնա» ժահրէն ապաքինուած է 32 մարդ, ընդհանուր թիւը հասած է 297-ի: Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն, տուեալ պահուն, Հայաստան փաստացի կը բուժուին 797 մարդ: Ըստ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնին` կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կազմած է 9 հազար 95:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան «Ազատութեան» ֆէյսպուքեան ասուլիսի եթերով ըսաւ, որ համաճարակի մարման մասին կարելի է խօսիլ միայն այն ժամանակ, երբ երկարատեւ ժամանակագրութեամբ աւելի շատ ապաքինում, քան նոր դէպքեր ըլլան։ Երէկ, օրինակ, առաջին անգամ ըլլալով առողջացածներու թիւը գրեթէ կրկնակի աւելի էր նոր յայտնաբերուած դէպքերէն, բայց այսօրուայ վիճակագրութեամբ, հիւանդացողներու թիւը աւելի է ապաքինուածներէն։

«Եթէ յետահայեաց յետ ենք նայում, այսինքն` թէ քանի օր առաջ ենք ունեցել մեծ թուով ընդունելութիւն կամ հաստատուած դէպքեր, ապա կը տեսնենք, որ աստիճանաբար առողջացածների թիւը պէտք է մեծանայ, քանի որ եղել են օրեր, երբ մենք ունէինք միանգամից 50, մինչեւ 95 նոր հաստատուած դէպք, եւ հետեւաբար մօտաւորապէս հենց այդպէս էլ պէտք է լինի առողջացումները, ի հարկէ մի փոքր ոչ ուղիղ կապով, որովհետեւ մենք յաճախ ենք տեսնում դէպքերը, երբ որ 14-րդ օրը կրկին քաղաքացիների մօտ հաստատուում է` նորից դրական, ժահրի առկայութիւնը»,- նշեց նախարարը:

Վերջինս յայտարարեց, որ ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ աշնան տեղի չունենայ կրկնակի բռնկում: Օրեր առաջ Արսէն Թորոսեան ըսած էր, թէ 1-2 տարի նախկին կեանքին չենք կրնար վերադառնալ: Թորոսեան հաստատեց, թէ նկատի ունի այն, որ 1-2 տարի պէտք է ապրիլ ձեռնոցներով, դիմակներով եւ պահպանել  ընկերային հեռաւորութիւնը.- «Այսինքն` կայ մեծ հաւանականութիւն, որ աշնանը` ցրտերն ընկնելուն պէս, տարբեր երկրներում տարբեր եղանակներում կրկին կը վերսկսուեն բռնկումները, որովհետեւ  ժահրի շրջանառութիւնը նոյնիսկ լաւ պարագաներու դէպքում իսպառ չի վերանայ, ինչպէս լինում է նաեւ շատ այլ ժահրերու  պարագայում: Եւ առնուազն միւս աշուն-ձմեռ եւ գարնան սկիզբ եղանակին մենք հաւանաբար, եթէ կտրուկ գիտական փոփոխութիւններ չլինեն դեղի կամ պատուաստանիւթի մասով, կրկին այս մարտահրաւէրի առաջ ենք լինելու»:

Թորոսեան նաեւ տեղեկացուց, որ աշխարհին մէջ եղած են դէպքեր, երբ ապաքինուելէ յետոյ հիւանդին մօտ «Քորոնա» ժահրը կրկին գլուխ բարձրացուցած է.- «Ի հարկէ, եղել են նկարագրուած դէպքեր, երբ դուրս գրուած քաղաքացիների մօտ կրկին հաստատուել է  ժահրի առկայութիւնը, սակայն այդ դէպքերը շատ  պատահական են, եւ նաեւ կասկած կայ, թէ արդեօ՞ք դուրս գրուելու պահուն ճիշդ է կատարուել հետազօտութիւնը, եւ նրանք հենց դուրսգրման պահին չի, որ եղել են դրական, պարզապէս սխալ պատասխանի պատճառով են դուրս գրուել, թէ՞ ինչ-որ ժամանակ յետոյ նրանց մօտ տեղի է ունեցել կրկնավարակ: Այդ հարցի պատասխանը դեռ վերջնականապէս չկայ»:

«Ազատութեան» ֆէյսպուքեան ասուլիսի եթերով, առողջապահութեան նախարար Թորոսեան այն հարցին, թէ արդեօ՞ք ապաքինուելէ յետոյ այս հիւանդութիւնը հետեւանքներ կը ձգէ, պատասխանեց, այս, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած շարք մը հարցեր դեռեւս ուսումնասիրման փուլի մէջ են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment