Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Մեղադրանք Առաջադրած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմերէն Մէկու Առաջնորդական Փոխանորդին

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Մեղադրանք Առաջադրած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմերէն Մէկու Առաջնորդական Փոխանորդին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, յանցաւոր ճանապարհով ստացուած եկամուտներու օրինականացման դէմ պայքարի ոլորտին մէջ, օրէնքով վերապահուած լիազօրութիւններու ծիրէն ներս, ՀՀ (ԱԱԾ) ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքի քննուող քրէական գործով ձեռնարկուած քննչական եւ գործադիր հետախուզական միջոցառումներու հետեւանքով ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ՝ 2020 թուականի Ապրիլ 13-ին, մեղադրանք առաջադրած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմերէն մէկուն առաջնորդական փոխանորդին:

Ստացուած փաստական տուեալներու համաձայն, վերջինս, 2010 թուականի ամրան, իր հետ քաւոր-սանիկական յարաբերութիւններու մէջ գտնուող անձին հետ նախնական համաձայնութեամբ, խարդախութեամբ, իբրեւ Ափրիկէի մայր ցամաքը, իրեն պատկանող ադամանդի հանքավայրերուն 12.000.000 ԱՄՆ տոլար գումարի չափով ներդրում կատարելու պարագային, արտադրողականութիւնը բարձրացնելու, արդիւնահանուած ադամանդի հումքը Հայաստանի Հանրապետութիւն վերամշակելու եւ վաճառքի հանելու մտածածին պատրուակով, շահագրգռած է ՀՀ ձեռնարկատէրերէն մէկուն յիշեալ ներդրումը կատարելու հարցով, ապա ձեռք բերած են վերջինիս ու անոր մերձաւորներուն պատկանող առանձնապէս խոշոր չափերու՝ 11.442.068.000 ՀՀ դրամ ընդհանուր արժողութեամբ, շարք մը անշարժ գոյքերու նկատմամբ իրաւունք, անոնց գրաւադրմամբ ՀՀ առեւտրային դրամատունէն 2010 թուականի Յունիսի 28-էն մինչեւ 2011 թուականի Յունիսի 27-ի ժամանակամիջոցին ստացած եւ անարգած տնօրինած են 3.664.175.000 ՀՀ դրամի համարժէք 9 միլիոն ԱՄՆ տոլար եւ 361.500.000 ՀՀ դրամ գումարի չափով վարկային միջոցներ, շարք մը դրամատնային եւ առեւտրային գործարքներով, փոխանցումներով, փոխարկումներով թաքցնելով եւ խեղաթիւրելով անոնց ծագման աղբիւրը, տեղաշարժն ու պատկանելիութիւնը: Յանցաւոր եղանակով ստացուած եկամուտները օրինականացնելու համար օգտագործուած է յանցաւոր խումբի անդամներու կողմէն նախապէս, 2010 թուականի գարնան, օֆշորային գօտի հիմնադրուած ընկերութիւնը, որու 33 տոկոսով բաժնեմասը պատկանած է եկեղեցւոյ յիշեալ սպասաւորին:

Վերոնշեալ յանցագործութիւնները բացայայտուելէն յետոյ, 2013 թուականի ընթացքին, նշուած հոգեւորականը, օգնելու խոստումներ տալով, համոզած է հետախուզման մէջ գտնուող յանցակիցին, որ ստանձնէ ամբողջ պատասխանատուութիւնը եւ յանցագործութեան իր մասնակից ըլլալու ապացոյցները կեղծելուն կամ ոչնչացնելուն ուղղուած գործողութիւններ ձեռնարկէ:

Մեղադրեալի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, միջոցներ կը ձեռնարկուին յանցագործութեան կատարման ներգրաւուած բոլոր անձերը պարզելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու, պատճառուած վնասը վերականգնելու ուղղութեամբ:

Համադրելով փաստերը, կարելի է եզրակացնել, որ խօսքը, տարիներ առաջ բացայայտուած եւ մեծ աղմուկ բարձրացուցած Կիպրոսի օֆշորային սկանդալի մասին է, որու կիզակէտին յայտնուած էին նախկին վարչապետ՝ Տիգրան Սարգսեան եւ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդ՝ Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան։

Գործարար Փայլակ Հայրապետեան անոնց մեղադրած էր զինք ունեզրկելու համար։ Գործով ամբաստանեալ, գործարար Աշոտ Սուքիասեան տարիներ առաջ յայտարարած էր, թէ առանց նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի գիտութեան, փաստաբանի խորհուրդով, անոնց օֆշորում բացուած ընկերութեան բաժնետէր դարձուցած է, օգտագործելով վերջիններուն անձնական տուեալները, որպէսզի իր ձեռքէն ընկերութիւնը  չառնեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment