Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հոլանտահայերը Ողջունած են Թուրք-Ատրպէյճանական Յարձակումը Կասեցնող Հոլանտական Դատարանի Վճիռը

Հոլանտահայերը Ողջունած են Թուրք-Ատրպէյճանական Յարձակումը Կասեցնող Հոլանտական Դատարանի Վճիռը

by MassisPost

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութիւնը (FAON) ողջունած է Հոլանտայի Գերագոյն դատարանի վճիռը, որ եւս մէկ անգամ կը կասեցնէ հայերու դէմ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը: Ապրիլ 14-ին հրապարակուած վճիռով, դատարանը վերահաստատած է նախորդ ատեաններու որոշումները, դատապարտելու Հաագայի ատրպէյճանա-թրքական մշակութային միութեան նախագահին, ազգային խտրականութեան քարոզի եւ բռնութեան կոչերուն համար։

2014 թուականի Յունիս 1-ին Ալմելօ քաղաքը տեղի ունեցած էր թրքական հանրահաւաք, որ ուղղուած էր Ալմելոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տարածքը տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին դէմ։ Դատապարտեալը ցոյցի կազմակերպիչներէն մէկն էր եւ շեղելով ցոյցի նպատակներէն, սկսած է բեմահարթակէն խօսիլ ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին եւ վանկարկած է «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերու գերեզմանը», եւ որուն արձագանգած է քանի մը հազարանոց ամբոխը բազմաթիւ անգամ կրկնելով այդ լոզունգը։

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութիւնը (FAON) կը յուսայ, որ այսուհետեւ դատախազութիւնը զգօն կ’ըլլայ եւ սեփական նախաձեռնութեամբ  համարժէք կ’արձագանքէ հայերու նկատմամբ ատելութեան դրսեւորումներուն, մասնաւորապէս Հոլանտա բնակող թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու կողմէն:

«Հոլանտահայ կազմակերպութիւնների դաշնութիւնը գոհ է այս դատավճռից: Տուեալ անձը այժմ վճռականօրէն դատապարտուել է 120 ժամ հարկադիր անվճար աշխատանքի, որպէս այլընտրանքային խափանման միջոց 60 օր կալանք եւ մէկ ամիս պայմանական բանտ` երկու տարի փորձնական ժամկէտով»,-«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութեան նախագահ՝ Մաթօ Հախվերտեան:

«Այս որոշումը Հոլանտա բնակող մեր հայրենակիցների հետեւողական պայքարի արդիւնքն է եւ վճռական յաղաթանակն է ցեղապաշտական  դրսեւորումների դէմ։ Հոլանտական դատարանը վերահաստատեց հանդուրժողականութեան եւ Իրաւունքի գերակայութեան երաշխաւորի իր դերը»,-նշած է Հոլանտայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Բալայեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment