Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Հնարաւոր կը Համարէ, որ «Քորոնա» Ժահրի Ծայրայեղ Վիճակը Հայաստան Յաղթահարած է

Վարչապետը Հնարաւոր կը Համարէ, որ «Քորոնա» Ժահրի Ծայրայեղ Վիճակը Հայաստան Յաղթահարած է

by MassisPost

Վարչապետը կը համարէ, որ հնարաւոր է, թէ Հայաստան յաղթահարած է «Քորոնա» ժահրի ծայրայեղ վիճակը

«Եթէ այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ՝ «Քորոնա» ժահրի ծայրայեղ վիճակը յաղթահարել ենք եւ  գագաթնակէտը եղել է մարտի 31-ին, ապրիլի 1-ին», – Ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այսօր ունենք «Քորոնա» ժահրի 28 նոր դէպք՝ 311 հետազօտութենէ: Առողջացմամբ դուրս է գրուել 27 քաղաքացի: Բուժուածների ընդհանուր թիւը 114 է, հիւանդանոցում գտնուողներինը՝ 758: Հիւանդներու մօտ 90 տոկոսը նոյնիսկ ջերմութիւն չունի», – արձանագրած է պետութեան ղեկավարը՝ շեշտելով. – «Ընդհանուր առմամբ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը պահպանում ենք»:

«Ցաւօք, առաւօտեան ունեցանք 1 մահ. 93-ամեայ հիւանդ, ով տառապում էր նաեւ քաղցկեղով: Ծայրայեղ ծանր վիճակում գտնուում է 8 հիւանդ», – նաեւ գրած է Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment