Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ես Կը Յիշեմ». Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Կ’առաջարկէ 24 Ապրիլին Փոխարինել Ընկերային Ցանցերու Լուսանկարը

«Ես Կը Յիշեմ». Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Կ’առաջարկէ 24 Ապրիլին Փոխարինել Ընկերային Ցանցերու Լուսանկարը

by MassisPost

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին ընդառաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կոչով մը դիմած է Հայաստանի քաղաքացիներուն, հայ ժողովուրդին ու անոր բարեկամներուն, յորդորելով 24 Ապրիլին Ֆէյսպուքի իրենց լուսանկարները փոխարինել յատուկ այդ նպատակով ստեղծուած, շրջանակի մէջ առնուած իրենց հարազատներուն` նահատակ կամ վերապրող, լուսանկարներով, իսկ նման նկարներու չգոյութեան պարագային` անուն-մականունով, նաեւ անոր մասին փոքր պատմութեամբ մը:

Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Եթէ չկան զոհ կամ վերապրող հարազատներ, ապա տեղադրեցէք Ցեղասպանութեան զոհ արեւմտահայ
մտաւորականներու, հասարակական-քաղաքական գործիչներու, ֆիտայիներու, շարքային զինուորներու եւ զօրավարներու լուսանկարները: Դրէք արեւմտահայութեան մշակութային ժառանգութեան գանձերու լուսանկարները, կիսուեցէք Արեւմտեան Հայաստանի ձեզի հասանելի պատկերներով: Եւ ընդամէնը մէկ պարզ գրութեամբ` ԵՍ ՅԻՇՈՒՄ ԵՄ կամ ԿԸ ՅԻՇԵՄ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment