Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելըս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքը «Քորոնա» Ժահրի Կապակցութեամբ Խօսք Կ՛ուղղէ Հայ Համայնքին

Լոս Անճելըս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքը «Քորոնա» Ժահրի Կապակցութեամբ Խօսք Կ՛ուղղէ Հայ Համայնքին

by MassisPost

Լոս Անճելըս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի ամենօրեայ ասուլիսի ընթացքին, բաժանմունքի խօսնակ Կարին Օհաննէսեան Հայերէն լեզուով պատգամ յղեց Ամերիկահայ համայնքին՝ կոչ ընելով բոլորին հետեւելու ապահով միջոցառումներուն, որպէսզի չվարակուին «քորանա» ժահրով:

Վերջին տուեալներուն համաձայն, որոնք հրապարակուած են Լոս Անճելըս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի կայքէջին վրայ, Կլէնտէլի մէջ վարակուածներու թիւը ամենաբարձրն է Գաւառին մէջ՝ մինչեւ օրս 166 դէպք: Հայաշատ այլ քաղաքներուն մէջ Պըրպէնքը ունի 83 դէպք, Նորթ Հոլիվուտ՝ 103 դէպք, Հոլիվուտ՝ 109 դէպք, եւ Փասատինա՝ 80 դէպք:

Ասոր կողքին, բազմաթիւ երէցներու հաստատութիւններուն՝ ծերանոցներու բնակիչներուն մէջ արձանագրուած են վարակման դէպքեր: Անոնց շարքին է Իկըլ Ռոքի Արարատ Տունը, որու պատասխանատուները կը հաստատեն, որ կացութիւնը հսկողութեան տակ է եւ կանխարգելիչ միջոցներ ձեռք կ՛առնուին՝ «քորոնա» ժահրի յաւելեալ դէպքերու առաջքը առնելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment