Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան Հրաւիրուած Է Ապրիլեան Պատերազմի Քննիչ Յանձնաժողովի Նիստին

Սերժ Սարգսեան Հրաւիրուած Է Ապրիլեան Պատերազմի Քննիչ Յանձնաժողովի Նիստին

by MassisPost

Սերժ Սարգսեան հրաւիրուած է Ապրիլեան պատերազմի քննիչ յանձնաժողովի  նիստին  այս  մասին «Ազատութեան» տեղեկացուց Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի ղեկավար՝ Անդրանիկ Քոչարեան, որ այսօր գրութիւն յանձնած են Հայաստանի երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակի ղեկավարին, առաջարկելով Սարգսեանին 13 կամ 16 Ապրիլին ներկայանալ քննիչ յանձնաժողով, լսումներու համար:

Անդրանիկ Քոչարեան նշեց, որ մատնանշած են երկու օր, թողնելով ընտրութեան հնարաւորութիւն, ան ըսաւ, որ նամակին վերջաւորութեան գրած է, որ կ’ակնկալէ, որ Սերժ Սարգսեանը գալու կամ հրաւէրը մերժելու պարագային նախապէս տեղեկացնէ յանձնաժողովը:

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ 13-ին կամ 16-ին նախատեսուած յանձնաժողովի նիստը, որուն պէտք է մասնակցի Սարգսեանը, չ՞ի կրնար մեծցնել «Քորոնայ» ժահրի վտանգը, ան ըսաւ. «մեր յանձնաժողովին յատկացուած տարածքը այս պահին գնահատում եմ հանրապետութեան ամէնէ մանրէազուրկ տարածքը, որտեղ շատ սահմանափակ մարդիկ են մտել եւ դուրս եկել, այն ժամանակ, երբ  «Քորոնայ» ժահրը չկար: Այս ընթացքում էլ մեր հրաւիրեալները կարող են հանգիստ գալ, քանի որ սենեակը կը բերենք այն վիճակին, որտեղ ժահրը անելիք չի ունենալու: Մեզ հետաքրքրող հարցերն այնքան կարեւոր են մեր երկրի համար, որ «Քորոնայ» ժահրի առկայութեան դէպքում, պէտք է ստանանք մեզ հետաքրքրող հարցերի պատասխանները»:

Հարցումին, որ սենեակը կրնայ ըլլալ մանրէազուրկ է, բայց նիստի մասնակիցները կրնան վարակակիր ըլլալ, ան պատասխանեց. «այս պահին Ազգային ժողովում «Քորոնայ» ժահրի հետ կապուած որեւէ մտահոգութիւն չունենք: Այսօր Ազգային ժողովի պատգամաւորի մօտ յայտնաբերուած չէ այդպիսի մտավախութիւն, ԱԺ պատգամաւորները ամէն օր ջերմային քննութիւն  յանձնում են, բայց եթէ պէտք լինի, ապա կը խնդրեմ, որ պարէտը հնարաւորութիւն ստեղծի, որ մեր յանձնաժողովի անդամները յանձնեն թեստը: Կը մնայ մէկ անձնաւորութիւն՝ Սերժ Սարգսեանը, նա էլ արդէն պէտք է թեստ յանձնի իր ցանկութեամբ»:

Մեր հարցումին, թէ Սերժ Սարգսեանը կ’ընդուն՞ի հրաւէրը, գրասենեակի պատասխանատու Մերի Յարութիւնեան պատասխանեց. «Սերժ Սարգսեանը հանրութիւնից թաքցնելու ոչինչ չունի, այն էլ` ապրիլեան քառօրեայ յաղթական պատերազմի վերաբերեալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment