Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնայ» Ժահրի Հաստատուած Նոր Դէպքերը Կտրուկ Նուազած են

Հայաստանի Մէջ «Քորոնայ» Ժահրի Հաստատուած Նոր Դէպքերը Կտրուկ Նուազած են

by MassisPost

Կառավարութիւնը մէկ շաբաթէն, հնարաւոր է աստիճանաբար թուլացնէ սահմանափակումները, եթէ «Քորոնայ» ժահրի հաստատուած դէպքերը նուազին, ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Ուղիղ եթեր եմ մտել կիսուելու մի լուրով, որը հնարաւոր է շատ լաւ լուր է «Քորոնայ» ժահրի յաղթահարման ընդհանուր դինամիկայի եւ տեմպի (գործունէութեան եւ ընթացքին) հետ կապուած», – նշեց Փաշինեան:

5 Ապրիլին տեղի ունեցած է «Քորոնայ» ժահրի 263 հետազօտութիւն, որմէ միայն 11-ը դրական եղած է։ Փաշինեանի համաձայն՝ ամբողջական գնահատական տալու համար պէտք է սպասել միւս օրերու տուեալները։

«Սա մեզ բոլորիս պէտք է ոգեւորի, որ եւս մի շաբաթ առաւելագոյնը խիստ գտնուենք ինքներս մեր նկատմամբ, սահմանափակումները պահենք, եւ եթէ մեր կանխաւարկածը արդարանայ կը նշանակի, որ երկուշաբթի օրուանից արդէն հնարաւորութիւն կ’ունենանք մտածել ռէժիմի թուլացումների մասին», – ըսաւ վարչապետը:

Սահմանափակումները արդէն տուած են իրենց արդիւնքը, այս արդէն, ըստ փոխ վարչապետի։ Տիգրան Աւինեանի ներկայացումով, 25 Մարտէն սկսեալ գործող սահմանափակումները վարակի տարածման ուժգնութիւնը նուազեցուցած են, գործակիցը դարձնելով 1.4 , մինչդեռ սահմանափակումները մտցնելէն մէկ շաբաթ առաջ այդ տուեալը եղած էր 2։

Աւինեան մանրամասնած է, որ վարակի տարածման ուժգնութեան գործակիցը ցոյց կու տայ, թէ 1 վարակուած անձը հաւանական քանի հոգիի կրնայ վարակել: Եթէ գործակիցը կարելի չէ նուազեցնել, վարակի տարածումը անընդհատ աւելի արագ կը զարգանայ:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, ի դէպ, գծապատկերներ հրապարակած էր նշելով, որ դեռ 7-օրեայ կրկնապատկման ընթացքը կը պահպանուի։ Եթէ 28 Մարտին հաստատուած դէպքերը 424 էին, ապա արդէն մէկ շաբաթ յետոյ տուեալները կրկնապատկուած են։

Հայաստան «Քորոնայ» ժահրի արդէն 833 հաստատուած դէպք կայ, որմէ 62-ը բուժուած են։ COVID-19-ը Հայաստանի մէջ 8 մարդու կեանք խլած է։ Երէկ մահացած քաղաքացին 68 տարեկան էր ու քրօնիկ հիւանդութիւններ ունէր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment