Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Գործող Սահմանափակումները Կ’երկարաձգուին

Հայաստանի Մէջ Գործող Սահմանափակումները Կ’երկարաձգուին

by MassisPost

Կառավարութիւնը եւս տասը օրով կ’երկարաձգէ սահմանափակումները։ Պատճառը, ինչպէս ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան, երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերուն աճն է։

Վարչապետը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց շատ լուրջ վերաբերուիլ իրավիճակին․ – «Եթէ մենք այս իրավիճակում արտակարգ միջոցներ չձեռնարկենք, «Քորոնա» ժահրը կը հասնի մեզ շատ արագ»։

Փաշինեան շեշտեց, որ սահմանափակումները ոչ թէ քաղաքական նպատակներով կը կատարուին, այլ իրավիճակը կառավարելի պահելու, քաղաքացիներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար։

Ան անդրադարձաւ նաեւ «Քորոնա» ժահրով հիւանդացած անձերու առողջութեան, ըսելով, մասնաւորապէս, որ անոնց մեծամասնութիւնը նոյնիսկ ջերմութիւն չունի․ – «Շուրջ 90 անձ թոքաբորբ ունի, եւ այս պահին թոքաբորբով հիւանդ մեր քաղաքացիներից 30-ը գտնուում են ծանր վիճակում»։

Պարէտ Տիգրան Աւինեան Կառավարութեան ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ սահմանափակումները աւելի պիտի խստանան։ Ըստ Աւինեանի, եթէ Կառավարութիւնը որեւէ սահմանափակում չմտցնէր, 1 մարտէն յետոյ 75-80 օրուայ ընթացքին Հայաստանի բնակչութեան մօտ 89 տոկոսը վարակուած կ’ըլլար։

Աւինեան նաեւ շեշտեց, որ Կառավարութեան բոլոր գործողութիւնները գիտական հիմք ունին։

Հարցին, թէ ե՞րբ Հայաստանը կը վերադառնայ բնականոն կեանքին, պարէտը պատասխանեց․ – «Փուլ առ փուլ հանելով բոլոր սահմանափակումները՝ մենք յոյս ունենք, որ արդէն ապրիլի կէսերից – մայիսի սկզբից մենք ամբողջապէս վերադառնալու ենք մեր բնականոն կեանքին՝ եթէ շղթաների կանխարգելման եւ անձանց մեկուսացման աշխատանքները կարողանանք իտէալական իրականացնել»։

Առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան Ֆէյսպուքին մէջ նշած է, որ հաստատուած նոր վարակակիրներէն 23-ը գտնուած են մեկուսացման մէջ, 24-ը կապ ունին հաստատուած դէպքերուն հետ, 3 անձերու շփման շրջանակը կը պարզուի:

Այսպիսով Հայաստան հաստատուած դէպքերը հասան 532-ի, որոնցմէ բուժուած է 30-ը, մահացած՝ 3-ը։

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր Ֆէյսպուքի մէջ գրած է, որ 150 անձ դուրս եկած է մեկուսացումէն, որոնցմէ 65-ը Իտալիայէն յատուկ չուերթով ժամանած քաղաքացիներն են։

Հայաստանի մէջ կը նախատեսուին «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման բժշկական քննութիւնները արտադրել։ Փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեանի համաձայն, Կառավարութիւնը այս պահուն հարցը կը քննարկէ գիտական ինսթիթութներէն մէկուն հետ․ – «Հենց հիմա, հենց էս փուլում փորձում ենք հասկանալ, թէ ինչքանով կարող ենք յատուկ սարքաւորումներ ներմուծել, որոնք որ քննութիւնները իրենց ինքնագործման ռեժիմով կ’իրականացնեն։ Այս փուլում մօտաւորապէս ծրագրաւորուում է 100 հազար քննութիւնների արտադրութիւնը՝ եթէ բոլոր պայմանները մենք կարողանանք ապահովել»։

Իսկ յառաջիկայ օրերուն, ինչպէս Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովի նիստին յայտարարեց Առողջապահութեան նախարարը, Հայաստանի առողջապահական համակարգը պիտի համալրուի 100 շնչառական սարքով, 60 հազար քննութիւնով ու այլ պարագաներով՝ դիմակներ, բժշկական յատուկ հագուստ, ակնոցներ եւ այլն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment