Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններու Առաջատարն Է Արայիկ Յարութիւնեանը

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններու Առաջատարն Է Արայիկ Յարութիւնեանը

by MassisPost

Մարտ 31-ին, Արցախի մէջ կայացան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը հաշուուած քուէաթերթիկներու արդիւնքներով «Ազատ Հայրենիք» Կուսակցութեան ղեկավար եւ նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան կը գտնուի առաջին դիրքի վրայ՝ ստանալով 33 հազար ձայն:

Արայիկ Յարութիւնեանի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան մամուլին տեղեկացուց, որ հաշուուած է 60 հազար քուէաթերթիկ, իսկ մնացած է՝ 15 հազար:

«Որպէսի ընտրութիւնները առաջին փուլով աւարտին, Յարութիւնեան տակաւին պէտք ունի 5 հազար ձայնի», ըսաւ Պօղոսեան:

Երկրորդ դիրքի վրայ է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, որ ստացած է 16,300 ձայն, երրորդ տեղը կը գրաւէ Վիտալի Բալասանեան որ, ստացած է 8,600 ձայն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment