Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճան կը Հրաժարի Արտասահման Մնացած իր Քաղաքացիներէն

Ատրպէյճան կը Հրաժարի Արտասահման Մնացած իր Քաղաքացիներէն

by MassisPost

Ատրպէյճանի սփիւռքի հետ աշխատանքներու գծով   պետական մարմին-կոմիտէն արտասահման բնակող իր քաղաքացիներուն դիմած է հայրենիք չվերադառնալու, իրենց հարազատներուն «Քորոնա» ժահրով վարակելու վտանգին չդիմելու, Ատրպէյճանի առողջապահութեան համակարգին լրացուցիչ բեռ չստեղծելու համար եւ խորհուրդ տուած է մնալ բնակած երկիրները:

Ըստ «Ազատլիկի», այդ յայտարարութիւնը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է արտասահման բնակող եւ ուսանող Ատրպէյճանցիներուն քով: Անոնք այդ գնահատած են որպէս հայրենիքի կողմէն իրենցմէ հրաժարելու եւ պատասխանատուութենէ խուսափելու գործողութիւն: Թերթը Պաքուի իշխանութիւններու այդ քայլը որակած է խայտառակութիւն, այն պարագային, երբ բոլոր պետութիւնները ամէն միջոց կը ձեռնարկեն իրենց քաղաքացիներուն հայրենիք վերադարձնելու, առողջութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment