Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Իտալիոյ Նախագահները Քննարկած են «Քորոնա» Ժահրի Տարածման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

Հայաստանի եւ Իտալիոյ Նախագահները Քննարկած են «Քորոնա» Ժահրի Տարածման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Զրուցակիցները հանգամանալից քննարկած են նոր «Քորոնա» ժահրի տարածման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն աշխարհի եւ, մասնաւորապէս, Հայաստանի եւ Իտալիոյ մէջ:

Նախագահները տեղեկութիւններ փոխանակած են իրենց երկրներուն մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի տարածման առկայ վիճակի եւ միտումներու, վարակի կանխարգելման եւ բուժմանն ուղղուած միջոցառումներու վերաբերեալ, կարեւորած են իշխանութիւններու համակարգուած ու հաւասարակշռուած գործողութիւններու եւ քաղաքացիներու պատասխանատու եւ կարգապահ պահուածքի անհրաժեշտութիւնը:

Սերճիօ Մաթարելլան ներկայացուցած է Իտալիոյ մէջ համաճարակային իրավիճակը, վարակի յետագայ տարածման կանխարգելման, հիւանդներու բուժման եւ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով երկրի տնտեսութեան հասցուած վնասներու նուազեցման եւ վերականգնման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերու թէ՛ դրական եւ թէ՛ բացասական կողմերը:

Իր զօրակցութիւնը յայտնելով Իտալիոյ նախագահին եւ Իտալիոյ ժողովուրդին՝ նախագահ Սարգսեանը տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի մէջ նոյնպէս կը ձեռնարկուին համապատասխան քայլեր՝ ուղղուած բնակչութեան առողջութեան պահպանման եւ նոր «Քորոնա» ժահրի վարակի տարածման դիմակայման: Նախագահն ընդգծած է, որ նման համաշխարհային առումով վտանգ ներկայացնող հիւանդութիւններու պարագային, երբ համաճարակներու արագ տարածման վտանգը աւելի մեծ է, անհրաժեշտ է գտնել համընդհանուր լուծումներ, փորձի եւ տեղեկատւութեան արագ փոխանակում:

Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահները համակարծիք եղած են, որ, պետութիւններէն իւրաքանչիւրին մօտ իրականացուող միջոցառումներէն անկախ, երկրներու եւ համապատասխան կառոյցներու միջեւ համագործակցութիւնը փորձի եւ տեղեկատւութեան փոխանակման տեսանկիւնէ նոյնպէս կրնայ իր նպաստը բերել հիւանդութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացման:

Նախագահները պայմանաւորուած են յետագային եւս պարբերաբար տեղեկատւութիւն փոխանակել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment