Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարմիր Պոէտը.Կեանքի՛ Պոէտը

Կարմիր Պոէտը.Կեանքի՛ Պոէտը

by MassisPost

Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան Տարեդարձն Է Այսօր

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ   

Եղիշէ Սողոմոնեանի (Չարենց) պարագային, ներելի է պոէտ բառը՝ բանաստեղծի փոխան, քանի իր այնքա՜ն նախընտրած կցանունն էր այդ, որ դարձած է անբաժանելի իր անուան կողքին՝

Ե՛ս եմ հիմա – մի պոէտ. եւ իմ անունը -Չարենց –
Պիտի վառուի դարերում, պիտի լինի բա՜րձր ու մեծ:

13 Մարտին ծնաւ այդ կարսեցի մանուկը, որ աւելի ուշ իր անունը փայլատակեց հայոց երկնակամարին վրայ կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներէն ներս եւ մարգարէանալով գրեց՝

Ես եկել եմ դարերից ու գնում եմ յաղթական
Դէպի դարերը նորից՝ դէպի վառուող Ապագան:

Արտակեդրոն անձնաւորութիւն մը, որ իր յախուռն ու կրքոտ նկարագիրով եղաւ իւրատիպ երեւոյթ մը իր ժամանակաշրջանին: Գունեղ տիպար մը, որ շարժեց հետաքրքրութիւնը ժողովուրդի բոլոր շերտերուն՝ պետականէն ռամիկն ու բանուորը, գրականէն զինուորականն ու քաղաքականը, կիներէն մինչեւ գրականագէտները: Յայտնուեցաւ զէն ի ձեռին որպէս կամաւոր՝ դէպի արեւմտեան Հայաստան եւ երբեմն բեմերու վրայ՝ որպէս գրականութեան ռահահորդ, բանտարկեալ մը՝ Երեւանի Ուղղիչ Տան մէջ, իր մէկ դատապարտելի արարքին համար եւ հայրենի պետական աւագանիին շփացած գրողը իր անուրանալի տաղանդին շնորհիւ: Քաղաքական հակառակորդներու դիմաց աննահանջ մարտիկ մը, հակախոհ գրչակիցներու նկատմամբ անխնայ ու խիստ, կծու կարմիր՝ յեղափոխութեան ջատագովութեան ընթացքին  եւ թունդ հայրենասէր՝ Հայաստանի անհիւրընկալ սեւ պատերուն փարած: Սիրոյ ամենայուզական փափկասիրտ սիրերգակը եւ սեռի հանդէպ բոցավառ ասպետ մը՝ տարփասէր տողերով եւ կրքագրգիռ պատկերներով: Ոգելից խմիչքի հանդէպ հանրածանօթ իր թուլութեամբ եւ ծխամոլ մը անտարակոյս: Իրապաշտ վէպի հիմնական դէմքերէն նաեւ: Գրական անկրկնելի տողերու եւ ասոյթներու վարպետ ու ինքնատիպ բառակերտիչ. հայերէն լեզուի ու բառագանձի հմուտ պեղիչ: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս տալ ամբողջական կերպարը Չարենցին. ո՞վ կրնայ լիակողմանիօրէն ներկայացնել լիարժէք Չարենցը որպէս մարդ, քաղաքացի, գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, սերունդներու պատգամախօս, հայրենիքի երգիչ եւ դարերու դիմաց կանգնած կրանիթեայ անհատականութիւն: Չարենցը իր բոլոր կողմերով կեանքի բազմերես երեւոյթներն է հզօր անհատի մը մէջ խտացած:

Կարմիր պոէտ: Կեանքի՛ պոէտ:

Ան հանճարեղօրէն գտած էր գաղտնիքը պատմութեան մէջ անջնջելիօրէն իր անունը դրոշմելու: «Եթէ կ’ուզես խօսքդ լսեն, ժամանակիդ շունչը դարձիր». եւ այս սկզբունքէն մեկնած իր կտակած գրական ժառանգութիւնը իր օրերու կեանքն է ու պատմութիւնը, ընկերային ու քաղաքական ելեւէջները, հոգեմտաւոր երեւոյթներու արտացոլանքը, պատմակերտիչ ցնցումները: Երբ պատերազմին դժխեմ բովէն կ’անցնէր՝ Մահուան Տեսիլով եւ Տանթէական Առասպելով կու տար այն՝ ինչ որ էր կեանքը: Երբ բանուոր դասակարգը կը փոթորկէր խելակորոյս կատաղութեամբ՝ Ամբոխները Խելագարուածը կը դառնար հարազատ ու հրեղէն նկարագրութիւնը անոր: Հայոց պատմութեան ստուերոտ եւ պայծառ էջերը, ամօթալի եւ պանծալի դրուագները կը գտնէք անոր տողերուն մէջ՝ կարծէք ըլլար հմուտ վերլուծաբանը հայութեան անցեալի փառքին եւ կործանուած ու ցաքուցրիւ գահին: Սիրոյ երգիչը այնքա՜ն խոնարհ եւ զգայուն կը գրէր մայրերու նուիրուած իր հրաշագեղ տողերը: Մատենագրութեան գիտակը եւ ժամանակակից գրականութեան սրատես մեկնաբանը իր ուշադրութեան առանցքին պահեց Նարեկացին ու Քուչակը, Սայաթ Նովան ու Թումանեանը, Մեծարենցն ու Բակունցը: Բայց եւ ունէր իր խօսքը՝ ապագային ուղղուած:

Ան սրատես բիբերով նկատելով որ ազգային աղէտ մը եղած է ներ-հայկական փեռեկումները, ականատեսն ըլլալով պառակտումներու կործանարար հետեւանքներուն եւ կանխատեսելով անխուսափելի գալիքը, ոսկի պատգամ մը փոխանցած է գրելով՝ որ փրկութիւնը կու գայ միայն հաւաքական ուժով: Հաւաքական գիտակցութիւնը ենթահողն է որեւէ յաջողութեան. մի գուցէ անխախտելի կանոնը հաւաքական նուաճումներու: Արդեօ՞ք ինքն ալ ի՛ր իսկ կենդանութեան զոհը չէր գրական-քաղաքական միջավայրի երկփեղկումներուն, միջակ ու ճղճիմ գրչակներու խծբծանքին եւ անոպայ հալածանքներուն: Ինք չվճարե՞ց գինը չարանենգ տարրերու՝ որոնք չէին հանդուրժեր անվիճարկելի հանճարը անոր: Վճարե՛ց եւ… կեանքի՛ գնով:

Երեւի կանխազգացում մը եւս կը տանջէր զինք: Հայրենիքը լքող, հայրենիքէն չուող շարան շարան երամները: Հայրենասիրութեան անկում մը նկատած ըլլալու է ան՝ երբ մելանով կը քանդակէր հայ բանաստեղծութեան անմահ աղօթքներէն մին՝ Ես Իմ Անուշ Հայաստանի, ուր զմայլելի տաղաչափութեամբ ու հատիկ հատիկ բառերով գեղակերտ սկիհը կը սարքէր հայ գրականութեան շքեղակերտ խորանին: Եւ սիրել հայրենիքը՝ իր նայիրեան աղջիկներով, ողբանուագ սազը, վիշապաձայն բուքը, մութ խրճիթները, երկաթագիր գիրքերը եւ անհաս Մասիս սարը: Այս քերթուածը քայլերգի համարժէք տարողութիւն եւ հնչեղութիւն ստացաւ Հայաստանի եւ ի սփիւռս աշխարհի հայութեան մօտ եւ բեմերուն վրայ: Անոր հոգեզմայլ երաժշտութիւնը առաւե՛լ սլացք տուաւ անոր խօսքին ու նպատակին ուժգնութեան:

Ապագայատեսիլ գրողն էր Կեանքի Պոէտը որ հակառակ Երկիր Նայիրիի ապրած արհաւրալից օրերուն, յարատեւ ճգնաժամերուն եւ յարագոյ հարուածներուն, տրորեց յուսահատութեան դոյզն խարխափումն անգամ: Տեսաւ պայծառ ապագան: Եւ մի՞թէ գրողի մը հիմնական առաքելութիւնը յոյսի ներշնչումը չէ, ժողովուրդին մօտ լաւատեսութեան սերմերը ուռճացնելը չէ, հաւատքով ու յոյսով վաղուան սերունդները զինավառելը չէ: Այդ վեհ առաքելութիւնը կատարեց յանձնառու քաղաքացի Չարենցը եւ անկասկած, այնքա՜ն կարիքը կայ այս օրերուն Չարենցի հոգեշահ եւ օգտաւէտ պատգամներուն, երբ զանգուածներ դարձած են ուղեկորոյս, անտարբեր, ապազգային եւ հայրենախոյս:

Հայաստանի մէջ ամենաշատ հոլովուող անուններէն է ան՝ թանգարանէ փողոցներ ու արձաններ, քաղաքէ գիրքեր ու տուն-թանգարան ու դրամանիշ: Որովհետեւ Չարենց ոչ միայն իր ժամանակին շունչն էր, այլեւ՝ այսօրուան ու վաղուան: Դարերէ եկած ու դարեր խոյացող տիտանն է Եղիշէ Չարենց , որ Նախախնամութիւնը հայութեան պարգեւեց 1897 Մարտ 13-ին:

Ծնունդդ շնորհաւոր Կարմիր Պոէտ. Կեանքի՛ Պոէտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment