Սամուէլ Մայրապետեանի դէմ յայտարարուած է հետախուզում: Այս մասին յայտնած է Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ):
Մայրապետեանի նկատմամբ անձնական երաշխաւորութիւնը վերացած է: (ՅՔԾ) Յատուկ քննչական ծառայութիւնը միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան, Ս. Մայրապետեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար:
«Սամուէլ Մայրապետեանը վարոյթն իրականացնող մարմնի կանչով խուսափել է ներկայանալ վարոյթն իրականացնող մարմին, իսկ նրա անձնական երաշխաւորութիւնն ստանձնած անձինք չեն կարողացել ապահովել նրա ներկայանալը Յատուկ քննչական ծառայութիւն», – յայտնած է ՅՔԾ-ը:
Գործարարին համար անձնական երաշխաւորութիւն ներկայացուցած են 15-ական միլիոն դրամ վճարած յայտնի վիրաբոյժ, փրոֆեսոր Ռուբէն Ֆանարճեանը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար, տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեանը: Քննիչի կողմէ որոշուած էր, մուծուած գումարը պետական եկամուտ դարձնել:
Գործարարը մեղադրուած է 7 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու օժանդակելու մէջ:
Իշխանափոխութենէն յետոյ գործարար Սիլվա Համբարձումեան յայտնած էր, որ Մայրապետեանին տարիներ առաջ 7 միլիոն տոլար տուած է, որպէսզի վերջինս զայն փոխանցէ Ռոպերթ Քոչարեանին, Սերժ Սարգսեանին եւ Արմէն Գէորգեանին։
Սամուէլ Մայրապետեան ձերբակալուած էր 6 հոկտեմբեր, 2018-ին: 27 Դեկտեմբերին Մայրապետեանը 30 միլիոն գրաւով ազատ արձակուած էր, նկատի առնելով անոր առողջական վիճակը: Իր փաստաբանները պնդած էին, որ Մայրապետեանն պէտք է վիրահատուի Գերմանիա ։
Յունուարին ՅՔԾ-ն թոյլատրած էր Մայրապետեանին մեկնիլ երկրէն, հիմք ընդունելով առողջապահութեան նախարարի հրամանով հրաւիրուած բժշկական խորհրդատուական եզրակացութիւնը։