Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գլխաւոր Հիւպատոս Տօքթ. Արմէն Բայբուրդեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Փասատինայի Մէջ

Գլխաւոր Հիւպատոս Տօքթ. Արմէն Բայբուրդեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Փասատինայի Մէջ

by MassisPost

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Արտաքին Յարաբերութիւններու Դիւանի կազմակերպութեամբ Հինգշաբթի, Մարտ 19-ին տեղի պիտի ունենայ դասախօսական երեկոյ մը՝ «Հայաստանը Վերափոխման Ճանապարհին» խորագրով, ուր ելոյթ պիտի ունենայ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տօքթ. Արմէն Բայբուրդեան:

Տօքթ. Բայբուրդեան ծնած է Երեւան եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնը կը վարէ Լոս Անճէլոսի մէջ Սեպտեմբեր 2018-էն ի վեր: Փետրուար 1991- էն ետք ան միացած է նորանկախ Հայաստանի պետական ծառայութեան բազմաթիւ պաշտօններ վարելով Արտաքին Գործոց Նախարարութեան համակարգէն ներս:

Սոյն հրապարակային դասախօսութեան ընթացքին Տօքթ. Բայբուրդեան պիտի ներկայացնէ Հայաստանի մէջ տիրող վերջին իրադարձութիւնները, Հայաստանի ներքին քաղաքական հարցերը եւ զարգացումները եւ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:

Գիտակցելով որ ներկայիս «Ֆէյք» կամ կեղծ լուրերը շատ են, վստահաբար մենք ճիշդ աղբիւրէն պիտի լսենք հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:

Շրջանի Հայութիւնը հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու սոյն կարեւոր միջոցառումին ու լսելու ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տօքթ. Արմէն Բայբուրդեանը:

Հանդիպումի վայր՝ Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ. կեդրոն, Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2020, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, 1060 N Allen Ave. Pasadena, CA, 91104:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment