Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Հայաստանցի Լրագրող Լիւսի Քոչարեան Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ստացած Է «Արի Կանանց» Մրցանակը

Հայաստանցի Լրագրող Լիւսի Քոչարեան Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ստացած Է «Արի Կանանց» Մրցանակը

by MassisPost

Հայաստանցի լրագրող Լիւսի Քոչարեան այն եզակիներէն է, որ ստացած է 2020 թուականի «Արի կանանց» մրցանակը ԱՄՆ-ի Արտաքին Գործոց նախարարութեան կողմէ: Մրցանակը կը յանձնէին անձամբ ԱԳ նախարար՝ Մայք Փոմփէօն ու Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին՝ Մելանիա Թրամփը, քայլ, որ կ’ընդգծէ մրցանակի կարեւորութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի ձայնը:

ԱԳ նախարար Փոմփէօն ընդգծեց որ մրցանակ ստացած բոլոր կանայք արիութեան դէմք կը խորհրդանշեն ոգեշնչելով միւսներուն.-

«Դուք կը կատարէք աշխատանք, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեր ընտանիքներուն, մեր երկրներուն եւ մեր ամբողջ աշխարհին համար»:

Ես հպարտ եմ կանգնելու այս կանանց կողքին, իր բացման խօսքը սկսելով ընդգծեց ԱՄՆ-ի առաջին տիկինը.

«Այստեղ հաւաքուած կանայք կը ներկայացնեն կանանց ոգիի հզօրութիւնը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը արիութեան ու առաջնորդութեան բացառիկ յատկանիշներ ցուցաբերած է յաճախ սեփական կեանքը վտանգի տակ դնելու գնով»:

Լիւսի Քոչարեան այն լրագրողն է, որ իր ֆեյսպուքեան էջէն մէջ  հրապարակած էր բռնութեան ենթարկուած հայ կանանց պատմութիւնները: Հայ հասարակութեան արձագանքը, ըստ Լիւսիի,  բացասական էր:

Յատկանշական է, որ սոյն միջոցառման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի վարչապետի տիկին՝ Աննա Յակոբեան, որ Ուաշինկթըն կը գտնուէր միօրեայ աշխատանքային այցով:

Լիւսի Քոչարեան Հայաստանը ներկայացնող առաջին կինն է, որ արժանացած է Միացեալ Նահանգներու ԱԳ նախարարութեան այս բարձր պարգեւին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment