Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեանը Մեկնաբանած է ԼՂ Հարցի Լուծման Վերաբերեալ Միւնիխի Մէջ Ըրած իր Յայտարարութիւնները

Փաշինեանը Մեկնաբանած է ԼՂ Հարցի Լուծման Վերաբերեալ Միւնիխի Մէջ Ըրած իր Յայտարարութիւնները

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վերահաստատած է Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի շրջածիրէն ներս իր կողմէ եղած յայտարարութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղի համար չկան տարածքներ, կայ անվտանգութիւն, եւ Արցախը չի կրնար զիջել իր անվտանգութիւնը: «Արմենբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Փաշինեանն ըսած է Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ:

«Մենք ասում ենք, որ այդ «սթաթուս քոն», երբ ձեւաւորուել է, երբ Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերն այդ տարածքները վերցրել են վերահսկողութեան տակ, նրանք դա արել են, որպէսզի Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղից հնարաւորինս հեռացուեն այնքան, որպէսզի դառնան անհասանելի: Եթէ կայ առաջարկ անվտանգութեան ապահովման նոյնքան արդիւնաւէտ մի գործիքի, այդ առաջարկը թող ձեւակերպուի, եւ հայ ժողովուրդը կը քննարկի՝ դա իր համար ընդունելի է, թէ ոչ»,- ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետն անդրադարձած է նաեւ տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ առկայ շահարկումներուն:

«Լեռնային Ղարաբաղն անկախութիւն է ստացել այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճանը: Երբ խօսում են տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի մասին, այդ որ երկրի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի մասին են խօսում: Երբ Ատրպէյճանն անկախութիւն է ստացել, Խորհրդային Միութեան տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանել է արդեօք: Հակահարց կարող է հնչել, որ Խորհրդային Միութիւն պետութիւնն այլեւս գոյութիւն չունի, բայց գոյութիւն չունի նաեւ այն պետութիւնը, որի կազմում եղել է Լեռնային Ղարաբաղը, այդ պետութիւնը Ատրպէյճանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնն է: Այս թէզն ունի նրբութիւններ, որոնք պէտք է հաշուի առնել»,- նշած է ան:

Նիկոլ Փաշինեանը վերահաստատած է, որ հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար, իսկ Ղարաբաղի հարցը չունի ռազմական լուծում:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համոզմամբ՝ Արցախի ժողովուրդը պէտք չէ նախագահական ընտրութիւններուն քուէարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի կողմէ ընտրուած օրինական իշխանութեան նկատմամբ թշնամանք քարոզողի օգտին: Այս մասին Փաշինեանն ըսած է հարցազրոյցին մէջ:

«Կարծում եմ, որ Արցախի ժողովուրդը չպէտք է քուէարկի որեւէ թեկնածուի օգտին, որը Հայաստանի ժողովրդի օրինական իշխանութեան նկատմամբ վարում է թշնամական քարոզչութիւն, եւ այդպիսով հրահրում է ներազգային թշնամութիւն: Այդպիսի ձեւով խօսել ու այդպիսի վերաբերմունք ցուցաբերել ժողովրդի կողմից ընտրուած օրինական իշխանութեանը, նշանակում է այդպիսի վերաբերմունք ցուցաբերել այդ իշխանութեանը ընտրած եւ վստահող ժողովրդին»,- ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Պետրոս Ղազարեանին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը Վենետիկի յանձնաժողովին ներկայացնելու հարցին: Վարչապետը նշած է, որ Գերմանիա այցի ընթացքին իրավիճակի վերաբերեալ քննարկումներ ունեցած է: Ան նշած է՝ միջազգային գործընկերները զարմացած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող Սահմանադրական դատարանի ձեւաւորման շուրջ տրանսֆորմացիոն ձեւափոխութեան շրջանին քուլիսային պայմանաւորուածութիւններ ու նմանատիպ այլ գործընթացներ եղած են:

«Եւրոպացի գործընկերների ուշադրութիւնն եմ հրաւիրել այն հանգամանքի վրայ, որ այս ողջ գործընթացը, որի դէպքում իրաւունքի չարաշահման հետ գործ ունենք, տեղի է ունեցել Վենետիկի յանձնաժողովի ուշադրութեան ներքոյ», ըսած է վարչապետը:

Անոր խօսքով՝ Վենետիկի յանձնաժողովը պէտք է պատասխանէ այս հարցին: «Այս հարցը կը քննարկենք եւրոպացի գործընկերների հետ»,- ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ պէտք է հասկնալ, թէ ինչպէս պիտի վերաբերին Վենետիկի յանձնաժողովի հետ կապուած խնդրին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment