Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը Հանրաքուէի Կազմակերպման Համար Մօտ 3,5 Միլիառ Դրամ Յատկացուց

Կառավարութիւնը Հանրաքուէի Կազմակերպման Համար Մօտ 3,5 Միլիառ Դրամ Յատկացուց

by MassisPost

Կառավարութիւնը պահուստային ֆոնտէն մօտ 3,5 միլիառ դրամ յատկացուց Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն կազմակերպելու համար։

«Ոչ թէ ճոխութիւն է, այլ՝ անհրաժեշտութիւն»,- կառավարութեան անդամները հարցի քննարկման ժամանակ աւելի քան 7 միլիոն տոլարի վերաբերեալ առարկութիւններ չունէին։

Փաշինեանը շահարկում-քննարկումներ կանխատեսելով, պնդեց՝ զանոնք տեղին չեն։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու սպասուող հանրաքուէն Հրայր Թովմասեանի եւ Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) վեց անդամներու պաշտօնավարումը դադրեցնելուն կը վերաբերի, փողն ալ ատոր յատկացուած է, բայց վարչապետը ծախսի տնտեսական օգուտներուն մասին խօսեցաւ։

«Ծախսուող գումարն ի վերջոյ ներհոսելու է տնտեսութիւն, որովհետեւ էդ գումարով տնտեսական գործարքներ են ի վերջոյ տեղի ունենալու, եւ երկրորդը՝ ժողովրդի ազատ կամարտայայտութիւնը ապահովելու համար, այո, պէտք է ծախսուեն գումարներ։ Այնպէս որ, այստեղ քննարկումները եւ շահարկումները տեղին չեն», – ըսած է վարչապետը։

Նախ 660 միլիոնի մասին․ այս գումարով հանրաքուէի օրը տեղամասերու մեծ մասէն՝ առնուազն 1500-էն, հնարաւոր պիտի ըլլայ ապահովել քուէարկութեան ընթացքի ու արդիւնքներու ամփոփման առցանց հեռարձակումը։

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի խօսքով՝ տեսախցիկներու մեծ մասը կառավարութեան պահեստն են, որոնք ալ պիտի տեղադրուին։ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն տեղամասերէն ուղիղ հեռարձակումն ապահովելու համար անհրաժեշտ 2 միլիոն տոլարը յատկացուցած էր Եւրոմիութիւնը:

Վերադառնալով այսօրուայ յատկացումներուն․ 234 միլիոնը ոստիկանութեան պիտի տրուի ընտրողներու ցուցակները կազմել-տպելու, նաեւ՝ հանրաքուէի ծանուցման ծախսերու համար։

Առցանց հեռարձակման ապահովման գումարէն բացի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) պիտի ստանայ եւս 2,5 միլիառ դրամ՝ հանրաքուէի կազմակերպչական այլ ծախսերու համար:

Տնտեսութեան նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը պարզաբանած է․ «Հիմնական մասը գումարների ենթադրում է, որ կ’օգտագործուի աշխատավարձի վճարման համար տեղամասերում զբաղուածների»։

Հանրաքուէի քարոզչութեան 4-րդ օրն է, թէ՛ «Այո»-ի, թէ՛ «Ոչ»-ի քարոզիչները, մեղմ ըսած, աշխոյժ չեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment