Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մահացած է Հայրենի Յայտնի Դերասան եւ Բեմադրիչ Երուանդ Մանարեանը

Մահացած է Հայրենի Յայտնի Դերասան եւ Բեմադրիչ Երուանդ Մանարեանը

by MassisPost

Կեանքի 96-րդ տարին, Փետրուար 19-ի առաւօտեան  մահացած  է ժողովրդական արուեստագէտ, բեմադրիչ, գրող, դերասան Երուանդ Մանարեանը։

Ան նկարահանած է վաւերագրական եւ գեղարուեստական շարք մը ֆիլմեր, գրած է սենարներ «Տժվժիկ», «Տէրն ու ծառան» եւ այլ ֆիլմերու համար, նկարահանուած է շարք մը յայտնի ֆիլմերու մէջ, ինչպիսին է «Հարսնացուն հիւսիսէն» շարժանկարը։

Երուանդ Մանարեանը հիմնած է «Ագուլիս» տիկնիկային թատրոն-աշխատանոցը։

2003 թուականին Երուանդ Մանարեանին շնորհուած է Հայաստանի վաստակաւոր արթիսթի կոչում, 2018-ին՝ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք՝ ժողովրդական արթիսթի կոչում, 2019-ին ալ՝ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում։

Մանարեանն այն եզակի արուեստագէտներէն էր, որ նաեւ աշխոյժ քաղաքացիական դիրքորոշում ունէր, երկար տարիներ կը մասնակցէր ընդդիմութեան ցոյցերուն։

Երուանդ Մանարեանի մահուան կապակցութեամբ ցաւակցական ուղերձներ յղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ նախագահ Արմէն Սարգսեանը։

«Երուանդ Մանարեանը փայլուն ժողովրդական արթիսթ էր, որուն կերտած կերպարները հարստացուցած են հայ շարժանկարի արուեստն ու իրենց անմոռանալի տեղը զբաղցուցած հայ հանդիսատեսի սրտին մէջ: Ան մեծ դերասան էր, սենարիսթ, բեմադրիչ, մանկավարժ, որ կը վայելէր համաժողովրդական մեծ սէրն ու համբաւը:

Մեծանուն արուեստագէտ ըլլալէ զատ, Երուանդ Մանարեանը Հայաստանի Հանրապետութեան աշխոյժ քաղաքացի էր, որ տարիներ շարունակ հանդէս կու գար յանուն արդարութեան պայքարի դիրքերէն՝ մշտապէս արտայայտելով իր յստակ դիրքորոշումը», – վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ մասնաւորապէս ըսուած է Նիկոլ Փաշինեանի հեռագրին մէջ:

«Երուանդ Մանարեանի գործունէութիւնը յագեցած թատերաշրջան մըն էր, որ, ցաւօք, ընդհատուեցաւ։ Կեանքի իններորդ տասնամեակին ալ ան կը շարունակէր ծրագրեր կազմել ու հաւատարիմ մնալ ստեղծագործ մտածողութեան։

Երուանդ Մանարեանն իրապէս ժողովրդական արթիսթ էր, ան սիրելի եւ ընկալելի էր թէ՛ մեծերու, թէ՛ մանուկներու կողմէ: Անոր ստեղծած տպաւորիչ կերպարները եւ թեւաւոր դարձած խօսքերը միշտ պիտի մնան ժողովուրդի յիշողութեան մէջ», – նախագահի գրասենեակի փոխանցմամբ՝ իր ուղերձին մէջ մասնաւորապէս գրած է Արմէն Սարգսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment