Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրայր Թովմասեանի Եւ Նորայր Փանոսեանի Դէմ Ապացոյցները Բաւարար Կը Նկատուին

Հրայր Թովմասեանի Եւ Նորայր Փանոսեանի Դէմ Ապացոյցները Բաւարար Կը Նկատուին

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) նախագահ Հրայր Թովմասեանի գործը քննող Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) կը հաղորդէ, որ քննչական ծառայութիւնը Թովմասեանի եւ Նորայր Փանոսեանի քրէական գործով ձեռքբերուած ապացոյցները բաւարար համարած է՝ գործով մեղադրական եզրակացութիւն կազմելու եւ դատարան ուղարկելու համար։

Այս մասին տեղեակ պահուած է տուժողներուն, մեղադրեալներուն, անոնց պաշտպաններուն։ Գործի նիւթերը տրամադրուած են անոնց՝ ծանօթանալու համար։

Յիշեցնենք, Հրայր Թովմասեանին ՅՔԾ-ն մեղադրանք առաջադրած է պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու համար: Այն կ’առնչուի անոր արդարադատութեան նախարար եղած ժամանակահատուածին: Ըստ դատախազութեան՝ Թովմասեանը «իր հետ քաւոր-սանիկական փոխյարաբերութիւնների մէջ գտնուող անձի հետ յանցակցութեամբ» օգտագործելով 2 նոտարներու իրմէ ունեցած կախեալ վիճակը՝ 2013 թուականի Հոկտեմբերին վերջիններուս հետ ձեռք բերած է անոնց համար ակնյայտ ոչ շահաւէտ գինով տարածքը վարձակալութեամբ յանձնելու պայմանաւորուածութիւն, որուն հետեւանքով ՍԴ ներկայիս նախագահը այդ երկու նոտարներէն իւրաքանչիւրէն, մինչեւ 2014 թուականի Ապրիլը, ամսական ստացած է 800 հազար դրամ վարձավճար՝ ընդհանուր 11 միլիոն 200 հազար դրամ:

Սանիկը, որուն կը յիշատակէ դատախազութիւնը, Արդարադատութեան նախարարութեան նախկին պաշտօնեայ Նորայր Փանոսեանն է, անոր եւս նոյն մեղադրանքը առաջադրուած է:

Հրայր Թովմասեանն իրեն առաջադրուած մեղադրանք չէ ընդունած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment