Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Կարեւոր Կը Համարեմ Բանակի Շուրջ Լարուած Մթնոլորտի Բացառումը

Փաշինեան Կարեւոր Կը Համարեմ Բանակի Շուրջ Լարուած Մթնոլորտի Բացառումը

by MassisPost

Բանակի մէջ արձանագրուած մահուան դէպքերու վերաբերեալ կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած քննարկումէն ետք «կայացուել են մի շարք կարեւոր, այդ թւում քատրային որոշումներ», Ֆեյսպուքի էջին գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, շարունակելով. – «Հարկ եմ համարում ընդգծել, որ 2019 թուականին բանակում արձանագրուած մահուան դէպքերի պատմական նուազագոյն ենք ունեցել: Եւ մեր խնդիրն է այս ընթացքը պահպանել: Սրա համար, սակայն, կարեւոր եմ համարում բանակի շուրջ ջղային մթնոլորտի բացառումը: Չկայ բանակ-հասարակութիւն բաժանում: Մենք մէկ մարմին ենք, մէկ ընտանիք, մէկ օրկանիզմ»:

Վարչապետի նշած պաշտօնանկութիւններու մասին դեռ նախագահական նստավայրէն, ուր զանոնք պէտք է հաստատուին, տեղեկութիւն չկայ։ Ըստ մամուլի հրապարակումներու, պաշտօնը կրնան լքել Արցախի պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանը եւ Հայաստանի ռազմական ոստիկանութեան պետ Արթուր Պաղտասարեանը, ինչպէս նաեւ Զինուած ուժերու անձնակազմի հետ տարուող աշխատանքներու վարչութեան պետ Ալիկ Ալեքսանեանը։

Սպասուելիք պաշտօնանկութիւնները, ըստ խորհրդարանի ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի, հանրային պահանջի հետեւանք են. – «Հանրութիւնը պահանջում է պաշտօնանկութիւններ՝ լինում են պաշտօնանկութիւններ։ Բայց գործելաոճի պարագայում ճիշդ կը լինէր, որ իւրաքանչիւր պաշտօնանկութիւնը պատճառաբանուէր, թէ ինչն է եղել պատճառը։ Որ ապագայ պաշտօնեաների համար էլ դա դաս լինէր, եւ քաղաքացիները իմանային, թէ ինչու է ազատուել»։

Արցախի «Ազգային վերածնունդ» ընդդիմադիր կուսակցութեան գործադիր մարմնի անդամ Տիգրան Գրիգորեանի կարծիքով, բանակի հրամանատարութիւնն այս շրջանին լուրջ ընելիք ունի խաղաղ պայմաններու մէջ զոհերու թիւը հնարաւորինս նուազեցնելու կամ բացառելու համար. – «Մենք տեսնում ենք, որ զոհերի մեծամասնութիւնը առաջանում է միջանձնային յարաբերութիւններում տարբեր խնդիրների պատճառով։ Տեսնում ենք, որ վերջին շրջանում այդպիսի դէպքերը շատացել են, ուստի բանակի հրամանատարութիւնը պէտք է դիմի բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւններին, որպէսզի լուծում տայ այդ խնդիրներին»։

Ըստ ընդդիմադիրներու եւ իրաւապաշտպաններու, այս տարուան Յունուարէն Զինուած ուժերու ու Պաշտպանութեան բանակի մէջ խաղաղ պայմաններու մէջ զոհերու թիւը նման կարճ ժամանակահատուածի համար ցնցող էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment