Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ընկ. Սուրէն Խուդանեանի Մահը

Ընկ. Սուրէն Խուդանեանի Մահը

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ անժամանակ մահը իր հաւատաւոր անդամներէն` Ընկեր Սուրէն Խուդանեանի

Որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2020-ին, յետ անողոք հիւանդութեան:

Ընկեր Խուդանեան պաշտօնավարած է Կուսակցութեան ղեկավար մարմիններէն ներս` Հայաստանի եւ Ամերիկայի մէջ:

ՍԴՀԿ պաշտօնաթերթ «Մասիս»– շաբաթաթերթի էջերով ան հանդէս կու գար քաղաքական-վերլուծական  յօդուածներով:

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ մեր բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուն:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment