Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միւնիխի Մէջ Կայացաւ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

Միւնիխի Մէջ Կայացաւ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

by MassisPost

Շաբաթ օր, Միւնիխի մէջ կայացաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարճ հանդիպումը:

Հանդիպումէն յետոյ Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի շրջագիծէն ներս տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով քննարկում` Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի մասնակցութեամբ:

Մօտ 45 վայրկեան տեւող քննարկումը վարեց «Ամերիկա-Ռուսաստան» հիմնադրամի նախագահ՝ Սէլեստա Վալանդեր:

Վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ետք Նիկոլ Փաշինեան միայն մէկ անգամ պաշտօնապէս բանակցած է Իլհամ Ալիեւի հետ՝ անցեալ տարի Մարտին Վիեննայի մէջ: Սակայն, կարճատեւ հանդիպումներ եւ այլ շփումներ տեղի ունեցած են տարբեր համաժողովներու ընթացքին:

Փաշինեան-Ալիեւ հրապարակային բանավէճ-քննարկումի ընթացքին Հայաստանի վարչապետը յայտնեց, որ շատ կարեւոր է, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը յստակ ընդգծէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում:

«Շատ կոնկրետ բան, կայ, որը միջազգային հանրութիւնը կարող է անել՝ յստակօրէն ընդգծել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակ ու միանշանակ կերպով դա շեշտի», – յայտարարեց Փաշինեան:

Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը նաեւ նշեց, որ եթէ ոեւէ մէկը ըսէ, թէ կայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ռազմական լուծում, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը պատասխանէ, որ այդ հակամարտութիւնը արդէն լուծուած է:

pashinyan-aliyev-munich-4

«Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը չի ներկայացնում բանակցային գործընթացում, սակայն ես գիտեմ, որ Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը պատրաստ են իրական ջանք գործադրել մեր տարածաշրջանում յարատեւ խաղաղութիւն ստեղծելու համար: Եւ որպէս Հայաստանի վարչապետ, այս իրավիճակը համարում եմ ոչ միայն իմ պատասխանատուութիւնը յանուն իմ երկրի անվտանգութեան, այլ նաեւ գիտակցում եմ իմ պատասխանատուութիւնը տարածաշրջանի անվտանգութեան համար, համաշխարհային, գլոբալ անվտանգութեան համար: Եւ ես առաջարկում եմ նախագահ Ալիեւին այս իրավիճակն ընկալել որպէս մեր երկուստեք խնդիրը, անելիքը: Այն է՝ ձեւաւորել յարատեւելի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ու այս իրավիճակը դիտարկել ոչ միայն որպէս մեր ազգային օրակարգի հիմնախնդիր, այլ նաեւ որպէս գլոբալ ու տարածաշրջանային անվտանգութեան օրակարգի խնդիր», – ըսաւ Փաշինեան:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հակադարձելով Նիկոլ Փաշինեանին՝ ըսաւ. «Միջազգային հանրութիւնը առաջինը պէտք է բացատրի, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճան է եւ երկրորդըª լուրջ ճնշում գործադրէ ագրեսորի նկատմամբՙ:

Փաշինեանը նշեց, որ ինչ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի փաստաթուղթերուն, այդ փաստաթուղթերու ընդհանուր իմաստն է՝ առանց պայմաններու եւ անյապաղ հաստատել հրադադար, այսինքն՝ դադարեցնել որեւէ բռնութիւն եւ դադարեցնել ռազմական գործողութիւնները: «Առաջին հերթին Ատրպէյճանն է, որ չի պահել, չի յարգել Անվտանգութեան Խորհրդի փաստաթղթի պայմանները», – շեշտեց Փաշինեան:

Հայաստանի վարչապետն ըսաւ, որ երբ կը խօսուի տարածքային ամբողջականութեան մասին, պէտք է որոշուի՝ որ երկրի տարածքային ամբողջականութեան մասին է խօսքը:

«Հարցը նա է, որ եթէ Ատրպէյճանը յարգում էր Խորհրդային Միութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, դառնալով անկախ պետութիւն՝ ինչպէ՞ս էր յարգում այդ տարածքային ամբողջականութիւնը, թէեւ Ատրպէյճանը դուրս եկաւ Խորհրդային Միութիւնից նոյն կերպ, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղը դուրս եկաւ Խորհրդային Միութիւնից», – ըսաւ Փաշինեան:

Հայաստանի վարչապետն աւելցուց. «Նախագահ Ալիեւն ասում է, թէ Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւնների եւ հակամարտութեան կողմ չէ, բայց Ատրպէյճանը երկու անգամ համաձայնագրեր է ստորագրել Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Առաջին անգամ 1994 թուականին եւ դա հրադադարի համաձայնագիրն էր Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Պաշտպանութեան նախարարներն են ստորագրել այդ փաստաթուղթը: Դրանից երեք ամիս անց 1994 թ. Յուլիսին իրենք վերահաստատել են, որ հրադադարը պահպանուելու է այնքան, մինչեւ կոնֆլիկտը ստանայ քաղաքական լուծում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment