Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դանիէլ Իոաննիսեան. Շատ Տխուր Պիտի Ըլլայ, Եթէ Հանրաքուէին Ընդառաջ «Ոչ»-ի Ճակատ Չձեւաւորուի

Դանիէլ Իոաննիսեան. Շատ Տխուր Պիտի Ըլլայ, Եթէ Հանրաքուէին Ընդառաջ «Ոչ»-ի Ճակատ Չձեւաւորուի

by MassisPost

«Եթէ «Ոչ»-ի ճակատ չլինի, դա կը լինի շատ խնդրայարոյց, որովհետեւ ժողովրդավարական գործընթացը ենթադրում է մրցակցութիւն», -յայտարարած է Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանը։

Իոաննիսեանը շեշտած է, որ պաշտօնապէս գրանցուած «Ոչ»-ի նախաձեռնութեան կը տրուին հաւասար հեռարձակման, պաստառներ ունենալու, ի վերջոյ տեղամասային ընտրական յանձնաժողովին երկու անդամ ունենալու հնարաւորութիւններ։ Եթէ այնուամենայնիւ «Ոչ»-ի ճակատ չձեւաւորուի, այս միջոցներուն հետ «Այո»-ն մինակ պիտի մնայ. – ««Լուսաւոր Հայաստանը» ունէր առաջնային իրաւունք «Ոչ»-ի նախաձեռնութիւնը ձեւաւորելու մինչեւ կիրակի օրը, բայց «Լուսաւոր Հայաստանը» արդէն յայտարարել է, որ դա չի անելու։ Ըստ այդմ, երկուշաբթի առաւօտուանից ցանկացած ընտրական իրաւունք ունեցող 50 քաղաքացիներ կարող են նման նախաձեռնութիւն ձեւաւորել եւ համապատասխան թղթերը յանձնել Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ու ձեռք բերել այդ իրաւունքները։ Եւ եթէ իրականում չլինի «Ոչ»-ի նախաձեռնութիւն, բայց լինի «Այո»-ի նախաձեռնութիւն, որը կ’օգտուի այդ հանրային միջոցների հասանելիութեան իրաւունքից, ապա մենք կ’արձանագրենք, որ հաւասար մրցակցային հնարաւորութիւն չունեն հանրաքուէի դրուած հարցերը»։

Թրանսփարընսի Ինթըրնաշընլ հակաքորուփցիոն կեդրոնի տնօրէն Սոնա Այվազեանը վստահ է, որ «Ոչ»-ի պաշտօնական ճակատ պիտի չձեւաւորուի, քանի որ քաղաքական ուժերը կը գիտակցին, որ վարչապետն ու անոր խումբը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն, եւ «Ոչ»-ի քարոզով անոնք պիտի խթանեն «Այո»-ները։ Միւս կողմէն, Սոնա Այվազեանը վստահ է, որ «Ոչ»-ը կայ, պարզապէս այն քօղարկուած է. – «Պարզապէս քարոզելով մարդկանց չգնալ կամ հիասթափեցնել, որ, օրինակ, այս դատաւորներին հեռացնելով նոր դատաւորներ կարող են գալ, որոնք կ’աշխատեն Նիկոլ Փաշինեանի ասածով։ Կամ այլ տարբեր եղանակներով կը փորձեն հնարաւորինս վարկաբեկել նախաձեռնութիւնը եւ գործընթացը»։

Այվազեանը չի կասկածիր, որ «Ոչ»-ի կամ չմասնակցելու քարոզին պիտի ուղղուին միջոցներ, եւ այս առումով հանրաքուէի քարոզարշաւը, ըստ անոր, պիտի ըլլայ մրցակցային։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment