Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Հանդիպած Է ԵԱՀԿ Դեսպաններու, ԱԺ Նախագահը՝ ՍԴ Դատաւորներու Հետ

Վարչապետը Հանդիպած Է ԵԱՀԿ Դեսպաններու, ԱԺ Նախագահը՝ ՍԴ Դատաւորներու Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ կառավարութենէն ներս հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ: Կառավարութեան փոխանցմամբ՝ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է Սահմանադրական դատարանի շուրջ առկայ իրավիճակին, սահմանադրական փոփոխութիւններու յառաջիկայ հանրաքուէին, այն իրականացնելու հանգամանքներուն, վարչապետը նաեւ պատասխանած է դեսպաններու հարցերուն:

Հանդիպման ներկայ իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի փոխանցմամբ՝ գործընթացի հակասահմանդրական ըլլալու վերաբերեալ դեսպաններու կողմէ որեւէ հարց կամ մեկնաբանութիւն չէ հնչած: – «Մտահոգութիւններ չեն հնչել, հնչել են հարցեր՝ պարզաբանումներ ստանալու ակնկալիքով, քանի որ վարչապետը հենց նպատակով էր հրաւիրել այդ հանդիպումը»:

Մակունցը չէ մանրամասնած, թէ ինչ հարցեր հնչած են, բայց վստահեցուցած է. – «Այն մտահոգութիւնները, որ հնչեցրիք, որեւէ նման մտահոգութիւն չի հնչել, հարցադրումները նման մեկնաբանութիւններ չեն պարունակել եւ ոչ էլ այդ մեկնաբանութիւններին մօտ ձեւակերպումներ են եղել»:

«Ազատութեան» հարցին՝ ի՞նչ տպաւորութիւն ստացած է՝ միջազգային կառոյցները կ’աջակցի՞ն այս գործընթացին, իշխող խմբակցութեան ղեկավարը պատասխանած է. – «Նման նպատակ չի ունեցել հանդիպումը, այսինքն՝ աջակցութիւն ստանալու եւ այլն: Պարզապէս իրավիճակը ներկայացուել է, հանրաքուէին առնչուող իրավիճակը ներկայացուել է, թէ ինչու է նախաձեռնուել այս գործընթացը, ինչ նախապատմութիւն է ունեցել այս ամէնը, եւ ինչ նպատակ ենք մենք դնում մեր առջեւ»:

Կառավարութեան լրատւութեան բաժնէն յայտնած են՝ փակ հանդիպման վերաբերեալ այլ մանրամասներ փոխանցել չեն կրնար:

Հանրաքուէի գործընթացը միջազգային գործընկերներու կողմէ հաւանութեան արժանացաւ, թէ ոչ հարցին ի պատասխան՝ հանդիպման մասնակցած արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը պարզաբանած է՝ ձեւաչափը չէր ենթադրեր դեսպաններու կողմէ մտահոգութեան բարձրաձայնում. – «Ես տեսել եմ, որ Հայաստանում մեկնարկած դատաիրաւական, հակաքորուփցիոն բարեփոխումներին միջազգային կառոյցների կողմից տրուել են լաւ, բարձր գնահատականներ, նշուել է, որ այն, ինչ այսօր կատարւում է Հայաստանում, հնարաւոր չէր 10 տարի առաջ»:

Անցած շաբաթ՝ ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանի եւ եւս վեց անդամի պաշտօնավարման հարցով հանրաքուէի մասին որոշում կայացնելու օրը, ԱԺ-ի մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ Փաշինեանը դիմեց ՍԴ անդամներուն՝ յիշեցնելով դեռ ուժի մէջ է կամաւոր կենսաթոշակի անցնելու օրէնքը, ապա շարունակեց․ – «Դուք ինքներդ՝ ՍԴ անդամներդ, կարող էք լուծել այդ ճգնաժամը՝ մեծ ծառայութիւն մատուցելով պետութեանը եւ ժողովրդին»: Վարչապետը յայտարարած էր նաեւ, որ պատրաստ է հանդիպելու անոնց հետ: Ինչպէս փոխանցած են կառավարութենէն, դատաւորներու կողմէն նման նախաձեռնութիւն դեռ չէ եղած, եւ հանդիպումներ չեն կայացած:

Փոխարէնը Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գրասենեակէն հաստատած են՝ այս օրերուն կը շարունակուին ՍԴ դատաւորներու, այդ շարքին՝ Ֆելիքս Թոխեանի հետ հանդիպումները Միրզոյեանի հետ: Իսկ այս մասին ԱԺ կայքին մէջ հրապարակումներ չեն եղած, քանի որ անոնք խորհրդարանի շէնքին մէջ չեն կայացած: Հանդիպումներուն քննարկուած է Սահմանադրական դատարանի շուրջ իրավիճակը: Իշխող խմբակցութեան ղեկավարը չի բացառեր, որ ՍԴ անդամներու՝ կամաւոր վաղաժամ կենսաթոշակի անցնելու պարագային հանրաքուէն կրնայ տեղի չունենալ․ – «Եթէ բոլոր անդամները ներկայացնեն վաղ կենսաթոշակից օգտուելու յայտ, ու դա միտուած լինի սահմանադրական կարգի վերականգնմանը այն տրամաբանութեան մէջ, որը մենք դրել ենք մեր առջեւ, ապա դա մի բոլորովին այլ իրավիճակ է, որը կը տեսնենք՝ ինչքանով է նպատակայարմար հանրաքուէ իրականացնել այդ պարագայում, թէ ոչ», – նկատած է Մակունցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment