Ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը այսօր 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի Ախոյեան։
Ալեքսանեան, որ կը մասնակցէր 97գկ քիլոկրամ քաշայիններու անուանկարգով յաղթանակ տարաւ Իտալացի Նիքոլոս Կախելաշվիլիի դէմ 7:1 արդիւնքով եւ դարձաւ հնգեակ ախոյեան։
Նշենք, որ մինչեւ եզրափակիչ հասնիլը Ալեքսանեան յաջողած էր տապալել ազգութեամբ թուրք Ջէնք Իլդեմինն ու Պուլկար Գիրիլ Միլովը։
Արթուր Ալեքսանեանը յաղթած է Եւրոպայի առաջնութիւններուն 2012, 2013, 2014, 2018 թուականներուն: Կիւմրեցի մարզիկ Ռիոյի Օլիմպիա կան խաղերու ախոյան է, երեք անգամ ալ յաղթած է աշխարհի առաջնություններուն` 2014, 2015, 2017 թուականներուն: