Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի 57-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Յայտարարութիւնը

Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի 57-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Ս.Դ.Հ.Կ-ի Լիբանանի Շրջանի 8 մասնաճիւղերը ներկայացնող շուրջ 42 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ գո մարուեցաւ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի 57-րդ Պատգամաւորական ժողովը, ներկայութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին:

Կուսակցաշէն մթնոլորտի մէջ քննարկուեցան քաղաքական եւ ազգային թղթածրարներ, յարակից միութիւններու իրավիճակը եւ կուսակցական ներքին կառուցային հարցեր:

Քաղաքական օրակարգի ընթացքին, ժողովականները ողջունեցին Լիբանանի մէջ 17 Հոկտեմբերին ծայր առած ժողովրդային բողոքի շարժումներն ու ցոյցերը, անոնց տուն տուող պահանջները համարելով արդարացի, պայմանաւ որ անոնք մնան քաղաքակիրթ ձեւով։ Ժողովականները կոչ ուղղեցին պատասխանատուութեան կանչելու բոլոր անոնք, որոնք տասնամեակներ շարունակ մսխեցին եւ կամ թալանեցին պետական եկամուտները, երկիրը հասցնելով սնանկութեան եզրին:

Ստեղծուած խառնաշփոթ վիճակէն դուրս գալու համար, դատական անկախ համակարգի եւ տնտեսական կտրուկ միջոցառումներ ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող փտածութիւնը կանխարգիլելու կողքին, ժողովականները խորհրդարանական կանխահաս ընտրութեան կայացումը համարեցին անհրաժեշտ քայլ մը, դուրս գալու համար քաղաքական անորոշ կացութենէն, պայմանաւ որ այդ կայանայ ընտրական նոր եւ արդար օրէնքի մը հիման վրայ:

Ազգային առումով, ժողովականները դիտել տուին, որ լիբանանահայ գաղութը զգալի նահանջի մէջ է, յատկապէս վերջին չորս ամսուան ընթացքին: Ակնյայտ է սեփական թէ ազգային կառոյցներու յետ քայլը, որ գաղութին մէջ ստեղծած է մտահոգիչ եւ խուճապի մթնոլորտ: Ժողովականները որոշեցին ամէն գնով աշխատանք տանիլ, բարեկարգելու համար լիբանանահայ գաղութին մէջ տիրող այս վիճակը:

Անոնք ցաւ յայտնեցին նոյնիսկ այս դժուար վիճակին մէջ ծառացած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար ազգային լիիրաւ միասնականութեան բացակայութեան համար, այնուամենայնիւ ժողովականները ողջունեցին լիբանանահայ երեք յարանուանութիւններու հոգատար վերաբերմունքը համայնքին նկատմամբ:

Ժողովի ընթացքին կայացուեցան ներքին կուսակցական կառոյցը արդիականացնելու առնչութեամբ կարգ մը որոշում ներ: Շեշտադրուեցաւ նաեւ ընկերային ծառայութեան ոլորտի կարեւորութիւնը, աջակցելու համար գաղութի զաւակներուն:

Երկրի անկայուն վիճակին պատճառով համատարած դարձած արտագաղթի երեւոյթը եւս քննարկումի առարկայ դարձաւ. ժողովականները բարեբախտութիւն համարեցին, սակայն, որ արտագաղթող լիբանանահայ ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը կը տեղափոխուի Հայրենիք, զայն համարելով ճիշդ որոշում, եւ մաղթելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները համապատասխան աջակցութիւն ցուցաբերեն այդ ընտանիքներուն:

Ժողովը իր վերջին օրակարգով ընտրեց Լիբանանի Շրջանի նոր Վարիչ Մարմինը, ատենապետութեամբ պետական նախկին երեսփոխան Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի:

Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
Պէյրութ, 5 Փետրուար 2020

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment