Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանրաքուէն Կրնայ Կայացուիլ Ամենաուշը Ապրիլի Առաջին Տասնօրեակին

Հանրաքուէն Կրնայ Կայացուիլ Ամենաուշը Ապրիլի Առաջին Տասնօրեակին

by MassisPost

Ազգային ժողովէն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ խորհրդարանի նախագահը Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու վերաբերեալ Ազգային ժողովի երէկուայ որոշումը դեռ չէ ուղարկած Հանրապետութեան նախագահին։

ԱԺ-ի կանոնակարգի համաձայն, Արարատ Միրզոյեանը որոշումը Արմէն Սարգսեանին պէտք է ուղարկէ մէկ շաբթուայ ընթացքին: Նախագահն այն ստանալէ ետք եռօրեայ ժամկէտի մէջ կը նշանակէ հանրաքուէ: Խորհրդարանէն վստահեցուցած են, որ «սահմանուած ժամկէտի մէջ որոշումը պիտի ուղարկուի»։

Ի տարբերութիւն օրէնքներու, հանրաքուէի դնելու մասին Ազգային ժողովի ընդունած որոշման պարագային Սահմանադրութիւնը չի նախատեսեր նախագահի ստորագրման կամ անոր համապատասխանութիւնը Մայր օրէնքին՝ որոշելու համար Սահմանադրական դատարան դիմելու ընթացակարգ:

Նախագահը, ստանալով Ազգային ժողովի որոշումը, երեք օրուան մէջ հանրաքուէի օր կը նշանակէ։ Իսկ քուէարկութիւնը կը կայանայ հանրաքուէ նշանակուելէն ոչ շուտ, քան յիսուն, եւ ոչ ուշ, քան վաթսունհինգ օր ետք: Եթէ աւելի պարզ ըսենք, ապա հանրաքուէն կրնայ կայանալ ամենաշուտը Մարտի վերջին օրերուն, ամենաուշը՝ Ապրիլի երկրորդ տասնօրեակին:

Հանրաքուէի դրուած հարցը կ’ընդունուի, եթէ անոր կողմ քուէարկէ մասնակիցներու կէսէն աւելին, բայց ոչ պակաս, քան մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու մէկ քառորդը:

Ընտրողներու թիւի մասին վերջին տեղեկութիւնը հրապարակուած է 2018-ի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու նախօրէին: Հայաստանի մէջ 2 միլիոն 575 հազար 939 ընտրող կայ։ Սա ի հարկէ մօտաւոր հաշուարկ է, բայց եթէ Հրայր Թովմասեանի եւ Սահմանադրական դատարանի վեց անդամներու պաշտօնավարումը դադրեցնելու հարցը դրուի հանրաքուէի, հարցը ընդունուած կը համարուի, եթէ անոր կողմ ըլլայ ընտրատեղամասեր գացած մօտ 644 հազար մարդ:

Վերջին ընտրութիւններուն այս գործընթացը նախաձեռնած «Իմ քայլը» դաշինքը, ի դէպ, ստացած էր մօտ 885 հազար ձայն:

Հիմա քարոզարշաւին անդրադառնանք․ այն պիտի սկսի հանրաքուէի օրը նշանակուելէն մէկ շաբաթ անց, կ’աւարտի՝ քուէարկութեան օրուընէ մէկ օր առաջ: Քարոզչութիւնը կը կայացնեն ԱՅՈ-ի ու ՈՉ-ի ճակատները:

1995-ին ընդունուած Սահմանադրութիւնը երկու անգամ փոխուած է՝ 2005-ին ու 2015-ին։ Մէկ անգամ ալ՝ 2003-ին, փոփոխութեան փորձը տապալած է՝ չհաւաքելով օրէնքով պահանջուող կողմ ձայները:

Հայաստանի սահմանադրութեան բոլոր նախկին փոփոխութիւնները եղած են լայնածաւալ, մէկ յօդուածի փոփոխութիւն, որու առաջարկն այս պահին կ’ընէ իշխող ուժը, երբեք չէ եղած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment