Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիօն կը կիսէ ԵԽԽՎ մշտադիտարկման համազեկուցողներու մտահոգութիւնները կառավարութիւն-ՍԴ լարուածութեան վերաբերեալ: Այս մասին ան նշած է իր յայտարարութեան մէջ:
«Ես կը շարունակեմ մտահոգուած մնալ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին վերաբերող բացայայտ ճգնաժամով: Կը կիսեմ ԵԽԽՎ մշտադիտարկամն համազեկուցողներու մտահոգութիւններն այդ առնչութեամբ», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ճիանի Պուքիքիօն նախ յիշեցուցած է 2019 թուականին Վենետիկի յանձնաժողովի կողմէ ընդունուած յանձնարարակաները, որ «որեւէ վաղ կենսաթոշակի ձեւակերպում պէտք է իսկապէս ըլլայ կամաւոր, բացառուի որեւէ անպատեհ քաղաքական կամ անձնական ճնշում դատաւորներու վրայ, եւ պէտք է այնպէս մշակուի, որպէսզի չազդէ ընթացիկ գործերու արդիւնքներու վրայ»:
«Վերջին հանրային յայտարարութիւնները եւ գործողութիւնները չեն համապատասխաներ այս չափանիշներուն եւ պիտի չնպաստեն իրավիճակի հանգուցալուծման: Ժողովրդավարական մշակոյթը եւ հասունութիւնը կը պահանջեն, որ պետական հիմնարկները դրսեւորեն զսպուածութիւն, բարի կամք, փոխադարձ յարգանք: Ես կրկին կողմերուն կոչ կ’ընեմ զսպուածութիւն հանդէս բերելու եւ հանգուցալուծելու այս անհանգստացնող իրավիճակը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ Հայաստանի Սահմանադրութեան նորմալ կիրառումը», – յորդորած է Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահը:
Յիշեցնենք, ԵԽԽՎ Հայաստանի մշտադիտարկման համազեկուցողները նկատած էին․ – «Մենք արդէն շեշտած ենք, որ քաղաքական խաղացողները պէտք է ձեռնպահ մնան այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ որպէս դատական համակարգի նկատմամբ ճնշման գործադրում։ Որպէս յաւելում, մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ’ընենք նուազեցնելու լարուածութիւնը:
Վերջապէս, այս լարուածութիւնը պէտք չէ ստուերէ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը, թէ՛ անոնց, որոնք կը նախապատրաստուին, թէ՛ անոնց, որոնք արդէն գործարկուած են Եւրոխորհուրդի հետաքրքրութիւններու շրջագիծէն ներս գտնուող շատ ոլորտներու մէջ։»։