Home Uncategorized Մակունց. Նպատակը Մէկն Է՝ Շուտափոյթ Լուծել Սահամանդարական Դատարանի Շուրջ Ստեղծուած Այս Ճգանաժամը

Մակունց. Նպատակը Մէկն Է՝ Շուտափոյթ Լուծել Սահամանդարական Դատարանի Շուրջ Ստեղծուած Այս Ճգանաժամը

by MassisPost

«Իշխանութիւններն այս ընթացքում արել են առաւելագոյնը, որպէսզի Սահամանդարական դատարանի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը չխորանայ: Սա արել են օրէնքի, Սահմանդրութեան  տառին հետեւելով»,- լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը։

Անոր խօսքով, ՍԴ-ն ունի օրինականութեան խոր պակաս, որ վերականգնելու համար այսօր իրենց առջեւ պահանջ կը դնէ ՀՀ քաղաքացին. «Հայաստանի  քաղաքացիները մեր առջեւ այդ պահանջը դնում են, եւ մենք, որպէս առաջնային մանտաթ կրող հիմնարկ, պարտաւոր ենք այս հարցը հանգուցալուծել»:

Լ. Մակունցի խօսքով, այդ կապակցութեամբ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնն անհրաժեշտ կը համարէ հրաւիրել արտահերթ նիստ, որու օրակարգը կը հաստատուի խորհուրդի նիստի ընթացքին, նախագիծի հեղինակը կը ներկայացնէ այն շեշտադրումները, որոնք դրած է նախագիծի առանցքը, «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը ԱԺ լիագումար նիստի ընթացքին հանդէս կու գայ մեկնաբանութիւններով: Ան նշած է, որ բովանդակային առումով այս պահուն մեկնաբնութիւններէ զերծ կը մնայ, քննարկումները կ’իրակացնեն ԱԺ արտահերթ նիստի ընթացքին:

«Իսկ նպատակը միտուած է մի բանի՝ շուտափոյթ լուծել Սահմանադրական դատարանի շուրջ ստեղծուած այս ճգանաժամը»,- ընդգծած է պատգամաւորը:

Մակունցը նշած է, որ չի կրնար ըսել, թէ երբ կ’ըլլայ նիստը, առաջարկը ներկայացուցած են եւ կը սպասեն:

«Արտահերթ նիստի ամբողջ իմաստն այն է, որպէսզի այն խնդիրները, որոնք արձանագրեցի, դրանք հանգուցալուծում ստանան»,- ըսած է «Իմ քայլ»ը խմբակցութեան ղեկավարը:

Այնուհետեւ ան լրացուցած է սկիզբը ըրած իր յայտարարութիւնը. «Իշխանութիւններն այս ընթացքում արել են առաւելագոյնը, որպէսզի Սահմանադրական դատարանի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը չխորանայ, ի հակառակ Սահմանադարական դատարանի անդամների: Նկատի ունեմ այն, որ ՍԴ նախագահի պարտականութիւնները կատարող Հրայր Թովմասեանը հնչեցնում է քաղաքական թեքսթեր՝ լինելով ՍԴ նախագահ, խօսում է խրամատներից, ինչն արդէն իսկ քաղաքական թեքսթ է, որի հակառակ կողմում, այսինքն ենթադրում է որպէս թշնամիներ ներկայացւում են, օրինակ, մենք: Սա  ինչ է, եթէ ոչ քաղաքական թեքսթ:

Հրայր Թովմասեանը  ներկայանում է որպէս դատական իշխանութեան ղեկավար, ինչն այդպէս չէ։ Սա նշանակում է, որ նկրտումներ կան դատական իշխանութիւնը  գրաւելու համար:  Սա վկայութիւնն է նրա, որ ի հակառակ իշխանութեան ջանքերի՝  չթողնել, որ ՍԴ շուրջ ճգնաժամը խորանայ, տեղի է ունեցել հակառակը՝ հենց դատարանի կողմից»:

Հարցին՝ ուրկէ՞ կ’եզրակացնեն, որ ժողովուրիդ կողմէ, օրինակ նման պահանջ կայ, Մակունցն ըսած է, որ միջազգային կառոյցներու  հարցումները կը վկայեն,  վերջին հարցման համաձայն ՀՀ բնակչութեան 90,5 տոկոսը  երկու ուղղութեամբ իրենցմէ  կ’ակնկալէ  շատ կտրուկ եւ հետեւողական փոփոխութիւններ՝ քորուփցիայի դէմ  պայքար եւ դատական համակարգի մէջ բարեփոխումներ:

Հարցին՝ ինչո՞ւ Հրայր Թովմասեանը կը ձգտի  գրաւել դատական իշխանութիւնը, Լիլիթ Մակունցը նշած է, որ այս պահուն չի  պատասխաներ, ԱԺ լիագումար նիստերու,  արտահերթ նիստի ընթացքին կ’ունենան հնարաւորութիւն  լսելու տարբեր մեկնաբանութիւններ, վստահ է նաեւ այդ հարցի մեկնաբանութիւնը կը հնչէ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment