Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկայի Համար Հրէշը, Իրանի Համար Հերոս

Ամերիկայի Համար Հրէշը, Իրանի Համար Հերոս

by MassisPost

Վերջին շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներ-Իրան հակամարտութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին ու եղաւ պահ, երբ կողմերուն միջեւ պատերազմը կը նկատուէր անխուսափելի:

Յունուար 3-ին, նախագահ Տանոլտ Թրամփի հրամանով Ամերիկեան անօդաչու սարքերը Պաղտատի օդակայանի մօտ սպաննեցին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործողութիւններու յատուկ ստորաբաժանումը նկատուող «Քուտս» զօրքերու երկարամեայ հրամանատար Քասէմ Սոլէյմանին, որ կը նկատուէր Իրանի երկրորդ ամենէն զօրաւոր անձնաւորութիւնը՝ հոգեւոր առաջնորդ՝ Ալի Խամէնիէն ետք:

Թրամփ իր այս քայլը արդարացուց յայտարարելով, որ Սոլէյմանիի ձեռքերը թաթախուած են Ամերիկացի զինուորներու արիւնով, որոնք մահացած էին Իրաքեան պատերազմին յաջորդող ժամանակաշրջանին, Ամերիկեան բանակին դէմ յարձակումներու ընթացքին, որոնք կը կատարուէին Սոլէյմանիի հրամանով գործող Շիի միլիցեաներու կողմէ: Նաեւ, Թրամփ Սոլէյմանին մեղադրեց Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ ամբոխի կողմէ վերջերս կատարուած յարձակումը կազմակերպելու մէջ:

Քասէմ Սոլէյմանիի սպանութեան գործողութիւնը դժգոհութիւն յառաջացուց, ոչ միայն Իրաքի կառավարութեան մօտ, որ այժմ կը պահանջէ Ամերիկեան զօրքերու հեռացումը իր հողերէն, այլեւ Գոնկրէսէն ներս, ուր դարձեալ բողոքներ կը բարձրանան, որ Թրամփ դուրս եկած է իր լիազօրութիւններէն, երբ առանց օրէնսդիր մարմինի հաւանութեան, դիմած է ռազմական քայլերու, որոնք կրնան երկիրը տանիլ դէպի նոր պատերազմի:

Ամերիկայի մէջ բոլորը համաձայն են, որ Սոլէյմանի հրէշ մըն էր եւ գլխաւոր դերակատարներէն մէկը՝ Միջին Արեւելքի երկիրներէն ներս տեղի ունեցող աւերներուն ու արիւնահոսութեան: Սակայն, վարչակազմի քննադատներու կարծիքով Սոլէյմանիի հրապարակէն հեռացումով հարցերը չեն լուծուիր, այլ, աւելի եւս կը բարդանան, մղելով իրանը ծայրայեղ քայլերու:

Քասէմ Սոլէյմանին, իր կենդանութեան իսկ կը նկատուէր իր երկրի հերոսներէն մէկը, իսկ մահունէ ետք՝ առաւել եւս: Անոր սպանութիւնը արժանացաւ մեծ արձագանգի: Իրանի ղեկավարները անմիջապէս յայտարարեցին, որ անպայմանօրէն պիտի լուծեն Սոլէյմանիի վրէժը ու այսուհետեւ Ամերիկեան զօրքերը հանգիստ պիտի չտեսնեն, մինչեւ որ հեռանան ամբողջ տարածաշրջանէն:

Սոլէյմանիի յուղարկաւորութիւնը տեւեց օրեր՝ իրաքէն մինչեւ Իրան, մասնակցութեամբ միլիոնաւորներու: Իրանեան կողմը սպասուածէն շատ կանուխ՝ Սոլէյմանիի մարմինը հողին յանձնելէն անմիջապէս ետք, սկսաւ հրթիռներ արձակել Իրաքեան երկու ռազմակայաններու դէմ, ուր կը գտնուին շուրջ հինգ հազար ամերիկացի զինուորականներ:

Լուրը տարածուելէն ետք, աշխարհը ամբողջ կը սպասէր Ամերիկեան կողմի հակահարուածներուն, այս անգամ Իրանի սահմաններէն ներս: Սակայն, ժամեր անց երբ յայտնի դարձաւ, որ Իրանեան հրթիռները պատճառած են միայն նիւթական վնասներ առանց մարդկային զոհեր խլելու, նախագահ Թրամփ ետ քայլ կատարելով յայտարարեց, որ այսքանով պիտի բաւարարուի եւ նոր քայլերու պիտի չդիմէ: Իրանեան կողմը եւս նոյնանման նշաններ ուղարկելով կարծես թէ փորձեց ինք եւս այսքանով բաւարարուիլ:

Հակառակ այս տրամադիկ եւ արագ զարգացումներուն, ԱՄՆ-Իրան յարաբերութիւնները կ՛ապրին իրենց վատագոյն օրերը եւ իրար դէմ զինուորական քայլերու վտանգը չէ վերացած եւ կրնայ դարձեալ բռնկիլ, որեւէ մէկ պահուն:

\Այս բոլորին մէջ պատասխանատուութեան մեծ բաժին ունի նախագահ Թրամփ, որ չեղեալ յայտարարելով Նախագահ Օպամայի օրով Իրանի հետ կնքուած միջուկային զէնքերու արտադրութեան համաձայնութիւնը, աւելի սրեց իրավիճակը: Այս քայլին յաջորդած տնտեսական պատժամիջոցները Պարսկաստանի տնտեսութիւնը հասցուցին անդունդի եզրին:

Այս բոլորին մէջ մեղքի իր բաժինը ունի նաեւ իրանը, որ միլիառաւոր տոլարներ կը յատկացնէ Արաբական տարբեր երկիրներուն մէջ իրեն ենթակայ զինեալ խմբաւորումներ պահելու համար, փոխանակ այդ գումարները իր ժողովուրդի բարօրութեան ծառայեցնելու:
Այս բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ արձանագրուեցաւ նաեւ ողբերգութիւն մը, որուն զոհ գացին 176 անմեղներ, երբ Թեհրանի օդակայանէն թռիչք կատարող Ուքրաինական օդանաւը սխալմամբ խոցուեցաւ իրանեան հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ:

Զօրավար Քասէմ Սոլէյմանիի մահը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու պատմական այն իրողութիւնը, որ չափանիշերը կը տարբերին ու մէկ ժողովուրդի համար հրէշը, մէկ այլ ժողովուրդի համար կը դառնայ ազգային հերոս:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment