Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Նախագահը Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Են Պոլսոյ Հայոց Նորընտիր Պատրիարք Սահակ Բ.ը

Թուրքիոյ Նախագահը Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Են Պոլսոյ Հայոց Նորընտիր Պատրիարք Սահակ Բ.ը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը նախօրէին նախագահական նստավայրին մէջ ընդունած է Պոլսոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը:

Դռնփակ հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ ծայրագոյն վարդապետ Թաթուլ Անուշեանը եւ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն:

Պոլսոյ «Ժամանակ» պարբերականի հաղորդմամբ, մօտ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին նախագահ Էրտողանը շեշտած է, որ հայ համայնքը Թուրքիոյ համար անուրանալի արժէք ունի, եւ ինքը ուշադրութեամբ կը հետեւի այս պատմական արժէքի պահպանման: Հանդիպման աւարտին կողմերը նուէրներ փոխանակած են:

Հայ համայնքի ներկայացուցիչները Անգարայի մէջ ընդունած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Ան շնորհաւորած է Մաշալեանը պատրիարք ընտրուելու կապակցութեամբ եւ բարեմաղթանքներ յղած է հայ համայնքին:

«Պիտի շարունակենք միասին աշխատիլ բազմամշակութային եւ հանդուրժողական մթնոլորտի մէջ», – թուիթըրեան իր էջին գրած է Չաւուշօղլուն:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը աւանդաբար կը համարուի համայնքի ու պետութեան միջեւ կապող օղակն ու հայութեան շահերու ներկայացուցիչը իշխանութիւններու հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Այդ պատճառով ալ պատրիարքական ընտրութիւնները մշտապէս եղած են թրքական իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը: Վերջին ընտրութիւնը եւս բացառութիւն չէր, եւ թրքական պետութեան անթաքոյց միջամտութիւնն, ըստ էութեան, վճռեց պատրիարքական ընտրութիւններու ելքը: Մասնաւորապէս՝ պետութեան կողմէ ուղարկուած վիճայարոյց ընտրական կանոնադրութեան համաձայն սահմանափակուեցաւ պատրիարքի աթոռին յաւակնող շարք մը եպիսկոպոսներու առաջադրման իրաւունքը:

Ամերիկեան հեղինակաւոր Foreign Policy պարբերականը, վերլուծելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան տասնամեայ գործընթացը, գրած է, թէ թրքական պետութիւնը իր նախընտրութիւնը կը պարտադրէ, երբ խօսքը ըլլայ փոքրամասնութիւններու համայնքներու առաջնորդներու ընտրութեան մասին՝ այսպիսով սահմանափակելով անոնց կրօնական ազատութիւնները:

Յղում կատարելով Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքներու իրաւունքները սահմանող Լոզանի պայմանագրին՝ ամերիկեան պարբերականը կը փաստէ՝ թրքական պետութիւնը պարբերաբար կը միջամտէ համայնքներու ներքին գործերուն՝ ջլատելով զանոնք: Աւելին, փոքրամասնութեան համայնքները մինչ օրս չունին իրաւական կարգավիճակ, ինչը բազմիցս բարձրաձայնուած ու քննադատուած է ԱՄՆ Միջազգային կրօնական ազատութիւններու յանձնաժողովի տարեկան զեկոյցներուն մէջ

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment