Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգայնականութիւն եւ Համաշխարհայնացում

Ազգայնականութիւն եւ Համաշխարհայնացում

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Տարեվերջի մեր այս խորհրդածութիւնները սկսինք հարցումով մը: Եթէ ճամբան քալած ժամանակդ օտարի մը պատկանող մեծ գումար պարունակող դրամապանակ մը գտնես, կը վերադարձնես տիրոջը, թէ՞ կը գրպանես: Կրնաք դադար մը առնել եւ լրջօրէն մտածել այս մասին եւ կամ շարունակել ձեր ընթերցումը եւ իմանալ մեր պատասխանը:

Հաւաքականութեան մը մէջ, որքան շատ ըլլան օտարին դրամապանակը վերադարձնողները, այնքան աւելի միակամ, ամուր եւ յառաջդիմած է այդ հաւաքականութիւնը, որովհետեւ անոր ամէն մէկ անդամը գիտակից ու նախանձախնդիր է նաեւ ընդհանուրի շահին: Իսկ որքան շատ ըլլան գրպանողները, այնքան աւելի պառակտուած, խոցելի եւ նախնական է այդ հաւաքականութիւնը, որովհետեւ ամէն մէկ անձ կը մտածէ միայն իր շահին մասին, նոյնիսկ իր ազգակիցին իրաւունքը յափշտակելու եւ անոր վնաս հասցնելու գնով: Ուրիշին դրամապանակը գրպանելը ճարպիկութիւն սեպողը, պիտի ուզէ՞ր, որ իր կորսնցուցած դրամապանակը ուրիշ ճարպիկ մը գրպանէր:

Հարցում մը եւս տանք: Ի՞նչպիսի հաւաքականութիւն մըն ենք մենք: Կ’արժէ, որ այս հարցումը հրապարակային լուրջ քննարկումներու արժանացնենք, որպէսզի երեւան հանենք մեր ազգային դրական եւ ժխտական յատկանիշները: Այդ ընելով, մենք պիտի կարենանք զարգացնել դրականը եւ նուազեցնել ժխտականը:

Դարձեալ հարցում մը: Ի՞նչն է, որ մեզ կը մղէ այս խորհրդածութեանց: Ուշադիր ընթերցողը վերի խորագրին նայելով, արդէն կռահած պէտք է ըլլայ մեր մտահոգութիւնը: Համաշխարհային նոր համակարգի մը կազմաւորման փուլին մէջն ենք եւ եթէ ազգովին ճիշտ չկողմնորոշուինք, ապա հետեւանքները կրնան աղետալի ըլլալ: Ուրեմն, այս յօդուածով մենք պիտի ջանանք պարզել մեր պատկերացումը համաշխարհային զարգացումներու մասին եւ ատոր լոյսին տակ կատարել առաջարկներ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ մեզի, ճիշտ կողմնորոշուելու համար:

Համաշխարհային Պատմութեան Կարեւորագոյն Եղելութիւններ եւ Մենք
Երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք համաշխարհային պատմութեան վրայ, կրնանք առանձնացնել մի քանի եղելութիւններ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցան համաշխարհային նոր համակարգերու զարգացման մէջ: Անոնցմէ են Քրիստոնէութեան տարածումը 4րդ դարէն սկսեալ, Մահմետական կրօնքի տարածումը 7րդ դարէն սկսեալ, տպագրութեան գիւտը 15րդ դարուն եւ անոր հետ առնչուած Վերածնունդի շարժումը, եւ վերջապէս համացանցի գիւտը եւ անոր յառաջացուցած շարժումը վերջին յիսուն տարիներուն:

Չծանրաբեռնելու համար մեր յօդուածը, շատ համառօտակի նշենք, որ հայութիւնը ի՞նչպէս առերեսուեցաւ այս դէպքերուն հետ:

Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական պաշտօնական կրօնք ընդունող առաջին պետութիւնը եղանք: Ի՞նչու: Որովհետեւ անոր մէջ տեսանք Սասանեան-Մազտէական այլասերման վտանգը դիմագրաւելու մեր զէնքը: Բայց երբ քրիստոնէական կրօնքի համաշխարհայնացումը սպառնաց մեր ինքնութեան պահպանման, գիրերու գիւտով «ազգայնացուցինք» զայն: Ու կերտեցինք մեր «Ոսկեդար»ը: Այս զարգացումներու յայտնի դէմքերն են Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ Գ թագաւոր, Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ կաթողիկոս եւ Վռամշապուհ թագաւոր, եւ Արշակունիներու զօրավիգ Մամիկոնեան տոհմը:

Երբ 7րդ դարուն Մահմետական արաբները, համաշխարհային ուժ դառնալով գրաւեցին նաեւ Հայաստանը եւ սպառնացին մեր ինքնութեան, Բագրատունեաց տոհմն էր, որ համակեցութեան լեզու գտաւ անոնց հետ, մինչ քրիստոնէութեան ջատագով Մամիկոնեանները նահանջեցին: Արաբական սպառնալիքի նահանջով, աճեցաւ քրիստոնեայ Բիւզանդիոնի ճնշումը, բայց վրայ հասած Սելճուքեան արշաւանքներուն պատճառաւ, հայութեան կորիզը փոխադրուեցաւ Կիլիկիա, ուր Ռուբէնեան թագաւորութեան միջոցաւ, հայութիւնը իր բախտը կապեց Մահմետականներուն դէմ Խաչակրական արշաւանքներ սկսած Քրիստոնեայ Եւրոպայի հետ, մինչեւ թագաւորութեան անկումը՝ 1375-ին:

«Վերածնունդ»ի շարժումին (1300-1600) տարածման խթանիչը՝ տպագրութեան գիւտը (1439) հող պատրաստեց կրօնական, քաղաքական, գիտական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ բարեկարգութիւններու եւ յեղափոխութիւններու ծագման, անգամի մը համար եւս վերափոխելով համաշխարհային համակարգը: Որպէս գլխաւոր օրինակներ կարելի է նշել Ամերիկայի «գիւտը» (1492), Մարթին Լուտերի Բողոքական Բարեկարգութիւնները (1517), արդի գիտութեան հայր՝ Կալիլէօյի խթանած շարժումը (1632) եւ աւելի ուշ՝ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը (1789): Գրեթէ միաժամանակ, 1453-ին Կոստանդնուպոլսոյ անկումով սկսած եւ 16րդ-17րդ դարերուն Եւրոպան սարսափեցնող Օսմանեան կայսրութեան ասպատակութիւնները, իրենց ծանրակշիռ հետեւանքները ունեցան շատ մը ազգութիւններու վրայ, ներառեալ անշուշտ հայութեան: Ֆրանսական յեղափոխութեան խթանած ազգայնականութեան գաղափարի տարածումը նպաստեց ազգ-պետութիւններու ստեղծման, ինչպէս օրինակի համար՝ Գերմանիայի եւ Իտալիայի միավորումները: Այս շրջանին, Մխիթար Սեբաստացիի (1676-1749) գլխաւորած Մխիթարեան շարժումն էր, որ հայութեան մէջ վերարծարծեց ազգայնական զգացումները, Մեսրոպ Մաշտոցի նման, իւրացնելով ժամանակաշրջանի լաւագոյն գաղափարներն ու զանոնք ներմուծելով հայութեան մէջ, այդպիսով նպաստելով մեր Զարթօնքին: Չըլլար Մխիթարեան շարժումը, վտանգուած պիտի ըլլար հայութեան ապագան:

Մօտ հինգ տասնամեակներէ ի վեր համացանցի գիւտի յառաջխաղացումը, կոչուած է ունենալու նոյն եւ աւելի մեծ տարողութեան զարգացումներ, քան այն ինչ, որ տպագրութեան գիւտը ունեցաւ եւ շատ աւելի արագ ընթացքով: Պերլինի Պատի քանդումով (1989-ին) երկու Գերմանիաներուն վերամիավորումը, ինչպէս նաեւ Սովետական Միութեան փլուզումը (1991), մեկնակէտը կարելի է համարել համաշխարհային նոր համակարգի մը ստեղծման գործընթացին: Այս գործընթացի արդիւնքներէն մին հանդիսացաւ Հայաստանի նորանկախ Հանրապետութիւնը: Բայց որպէսզի ան կարենայ յարատեւել, ապա պէտք է զինուի իր ինքնութիւնը ապահովող «զէնքերով», կուլ չերթալու համար համաշխարհայնացման գործընթացին: Մեր կարծիքով, նորօրեայ Զարթօնքի անհրաժեշտութիւնը կայ, որ պէտք է խթանուի ժողովուրդի լայն խաւերուն մէջ ազգայնականութեան առողջ գաղափարի տարածմամբ եւ ընկալմամբ: Հետաքրքրական է նկատել, որ ոչ միայն մեզ նման փոքր պետութիւններ, այլ նոյնիսկ մեծերը լծուած են այդ աշխատանքին: Կը բաւէ հետեւիլ Տանըլտ Թրամբի (ԱՄՆ), Ժի Ժինփինկի (Չինաստան) եւ Վլատիմիր Փութինի (Ռուսիա) քայլերուն, համոզուելու համար ազգայնականութեան գաղափարի խաղացած կարեւոր դերին: Եթէ փոքրերուն մտահոգութիւնը ինքնապաշտպանական է, ապա մեծերունը աւելի ծաւալողական նպատակներ կը հետապնդէ՝ զինուորական, հաղորդակցական, տնտեսական եւ այլ միջոցներով տիրապետել միւս ազգութիւններուն վրայ: Իրենց նպատակներուն իրագործման համար, անոնք «վերահսկելի» բռնկումներ կը ստեղծեն աշխարհի տարածքին: Բայց եթէ յանկարծ «վերահսկելի»ն խախտի ու հսկողութեան սահմաններէն դուրս գայ, ապա հաւանականութիւնը մեծ է, որ պատճառ դառնայ Երրորդ Համաշխարհային պատերազմի բռնկման: Բոլորս ալ գիտակից ենք, որ ի՜նչ ահաւոր վնասներ կրեցինք Համաշխարհային Առաջին եւ Երկրորդ պատերազմներու ընթացքին: Հետեւաբար, պէտք է լրջօրէն մտահոգուինք Երրորդի հաւանական հետեւանքներով եւ ըստ այնմ պատրաստուինք:

Վերեւի ուրուագիծի հիման վրայ, յստակ կը դառնայ, որ ազգովին պէտք է լծուինք ուրիշին կորսնցուցած դրամապանակը վերադրձնող հաւաքականութիւն դառնալու աշխատանքին, որ պիտի ամրապնդէ ազգային շահը ամէն տեսակի հատուածական շահերէն գերադասելու մեր հաւաքական գիտակցութիւնը, այդպիսով նպաստելով մեր գոյութեան ապահովման եւ ամրակայման, որպէս ինքնորոյն ազգ: Եթէ այդպէս շարժած ըլլայինք նախա-Եղեռնեան շրջանին, մեր պատմութիւնը տարբեր ընթացք պիտի ունենար: Թէեւ «եթէ»ներով պատմութիւնը վերահիւսելը իրականութիւնէն բան պիտի չփոխէ, բայց եւ այնպէս այդ աշխատանքը կրնայ նպաստել անկէ դասեր քաղելու եւ ապագային նոյնատիպ սխալներէ խուսափելու: Հետեւաբար, կ’արժէ այստեղ արագ վերաքաղ մը ընել մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան:

Մեր Մօտիկ Անցեալի Պատմութիւնէն
Ազգայնականութեան գաղափարի տարածումը Եւրոպայի մէջ 19-րդ դարուն, նպաստեց այդ ցամաքամասի «հիւանդ մարդ»ուն՝ Օսմանեան Կայսրութեան կտրատման գործընթացին: Նշենք միայն Յունաստանի (1832) եւ Պուլկարիոյ (1878) անկախութեան օրինակները: Քաջալերուած այդ օրինակներէն, կայսրութեան բաղկացուցիչ միւս ազգութիւններն ալ սկսան գլուխ բարձրացնել, ներառեալ հայութիւնը: Ասոր ի տես, կայսրութեան իշխանական վերնախաւի մօտ բնականաբար աճեցաւ իրավիճակը (status quo) պահելու ինքնապաշտպանական բնազդն ու հակազդեցութիւնը: Պատահականութեան պէտք չէ վերագրել, որ 19-րդ դարի վերջին քառորդին մէջ հիմնուեցան Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութիւնը, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Սիոնական կազմակերպութիւնը: Հայերն ու հրեաները կը ձգտէին ունենալ իրենց պետութիւնները, իսկ Թուրքերն ալ կ’ուզէին պահպանել իրենց ունեցածը: Հակառակ անոր, որ մենք կը ներկայացնէինք կայսրութեան սիրտը համարուող Փոքր Ասիոյ տարածքի բնակչութեան 20%-ը, բայց մեր թիւին համապատասխան ուժ չէինք ներկայացնէր, որովհետեւ տարտղնուած էինք, զէնք կրելու իրաւունքէն զրկուած էինք, մեր վերնախաւը սերտաճած ըլլալով Թուրք վերնախաւին հետ, հետամուտ էր իր դասակարգային շահերու հետապնդման, մեր ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը բաղկանար դարերու լուծի տակ ընկճուած, իր օրապահիկով մտահոգուած գիւղացիներէ, եւ այլ նուազ կարեւոր պատճառներ: Ուրեմն, մեր ցանկութիւնը մեր սեփական ուժերով իրագործելու անկարող ըլլալով, մենք ակնկալեցինք «Քրիստոնեայ Եւրոպայի» օգնութեամբ հասնիլ մեր նպատակին: Սկսանք կազմակերպել ցոյցեր եւ ահաբեկչական արարքներ, մէկ կողմէ հրահրելու համար մեր ժողովուրդը, որ ձգտի իրավիճակի փոփոխութեան եւ միւս կողմէ ալ սպասելով Եւրոպայի օգնութեան: Սասունի 1894-ի եւ Զէյթունի 1895-96-ի ապստամբութիւնները եւ անոնց հետեւանքները ցոյց տուին, որ մեր հետապնդած նպատակները այդքան ալ իրականալի ծրագիրներ չէին, որովհետեւ հայութեան համախումբ ըմբոստացումը կարելի պիտի չըլլար իրագործել: Հարկ էր վերատեսութեան ենթարկել անոնց իրագործելիութիւնը: Այս մասին եղած բուռն քննարկումները նոյնիսկ պատճառ դարձան ՍԴՀԿ-էն եւ ՀՅԴ-էն ներս պառակտման շարժումներու: Մինչ ՍԴՀԿ-ը ընդհանրապէս դադրեցուց ահաբեկչական գործունէութիւնը, ՀՅԴ-ն աւելի բուռն կերպով լծուցաւ անոր մինչեւ Իթթիհատ վէ Թերաքքըի յաջողցուցած 1908-ի յեղափոխութիւնը: Այս յեղափոխութիւնը փոշի ցանեց մեր վերնախաւի աչքերուն, որ տարուած օրուան իր շահերէն եւ Օսմանեան Խորհրդարանէն ներս քանի մը աթոռ ունենալու խայծէն, անտեսեց նախորդ 20 տարիներու գործունէութիւնէն քաղուած դասերը, մեզի սպառնացող վտանգները, ինչպէս նաեւ հնչեցուող զգուշացումները: Վրայ հասաւ Համաշխարհային Ա. Պատերազմը եւ թուրքը հայերուս ցեղասպանութեամբ լուծեց իր ազգ-պետութեան հիմնադրութեան հարցը:

Համաշխարհային նոր պատերազմի մը պարագային, թուրքը պիտի չուզէ՞ր աւարտին հասցնել իր կէս մնացած գործը՝ փան-թուրանական ծրագիրը: Այս հարցումին պատասխանը ստացանք երկու շաբաթներ առաջ, լուրերէն տեղեկանալով, որ անոնք Հայաստանի վրայ յարձակման ծրագիր մշակած են 2001-ին: Այս լուրը բաւական է բոլորիս մէջ արթնցնելու «մէկը բոլորին, բոլորը մէկին» ազգային հաւաքական գիտակցութիւնը, ամէն գնով պատրաստուելու դիմակայելու այդպիսի հաւանականութիւն մը:

Մեր Ազգային Առաջնահերթութիւնը
«Մէկը բոլորին, բոլորը մէկին» ազգային հաւաքական գիտակցութեան ընկալումը պէտք է դարձնենք մեր առաջնհերթութիւնը, զայն ընդելուզելով մեր ապրելակերպին եւ գործելակերպին մէջ: Այդ պիտի ընենք առաջին հերթին մեր կրթական համակարգերէն ներս ներմուծելով համապատասխան ծրագիրներ: Այդ պիտի ընենք մեր մշակութային, հասարակական, քաղաքական, տնտեսական եւ այլ մարզերու գործունէութեան մէջ: Միայն այդ գիտակցութեան ընկալմամբ մենք պիտի յաջողինք դէմ դնել համաշխարհայնացման գործընթացի ժխտական երեւոյթներուն դէմ եւ օգտուիլ անոր բարիքներէն: Օրինակի համար, սոցիալական ցանցերը օգտագործել ազգային արժէքներ ջատագովելու եւ ոչ թէ օտարամօլ բարքեր տարածելու համար: Քաջալերել իրար-հասկացողութեան եւ ուժերու համալրման բարիքները ընդդէմ կեղծաւոր, բաժանարար եւ պառակտիչ գործունէութեան չարիքներուն: Քաջալերել «ամբողջ»ի, այսինքն ազգի գերագոյն շահերը հետապնդելու անհրաժեշտութիւնն ու էականութիւնը, ընդդէմ «մաս»ի, այսինքն հատուածի մը շահի ամէն տեսակի գայթակղութեանց: Ամէն մէկ հայի մտքին մէջ քանդակել «ամբողջ»ի յաւերժութեան գաղափարը, «մաս»ի ժամանցելիութեան փաստին դիմաց: Օգտագործել մեր առօրեայի անհրաժեշտութիւն դարձած smartphone-ը ոչ միայն հաճոյքի եւ ժամանցի համար, այլ նաեւ ուսման եւ դաստիարակչական նպատակներու համար: Չարտօնել, որ այդ գործիքները բթացնեն մեր մտքերը, մեզ վերածելով զօմպիներու, այլ օգտագործել մեր մտքերու զարգացման եւ քննադատական մտածելակերպի աճին համար:

Մեր պատմութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ մեր ազգային առողջ բնազդով մենք յաջողած ենք հայացնել օտարածին Պարթեւները, Մամիկոնեաններն ու Բագրատունիները, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են մեր յաւերժի երթին մէջ: Ի՞նչը կ’արգիլէ Հայաստանի բնակիչ հային եւ սփիւռքահային, արեւելահային եւ արեւմտահային, անշահախնդիր ներդրումով եւ միասնական ուժերով նպաստելու մեր յաւերժի երթին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment