Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Առաջին Անգամ Ըլլալով Կը Բարձրացնէ Նախիջեւանի Հարցը

Հայաստանը Առաջին Անգամ Ըլլալով Կը Բարձրացնէ Նախիջեւանի Հարցը

by MassisPost

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակը յայտարարութիւն տարածած է Նախիջեւանի մէջ Ագուլիս բնակավայրի հայկական ջարդերու 100-րդ տարելիցի առնչութեամբ: Յայտարարութիւնը կը յիշատակէ Նախիջեւանի այդ բնակավայրին մէջ հայերու հանդէպ բռնութեան փաստը, Ագուլիսը աւերակի վերածելու հանգամանքը եւ Նախիջեւանի ամբողջական հայաթափումը, նաեւ տարիներ առաջ Ջուղայի հայկական խաչքարերու զանգուածային ոչնչացման հանգամանքը:

Այդ եղեռնագործութեան օրինակի ներքոյ Հայաստանի ԱԳՆ-ն յայտարարած է, որ հայ ժողովուրդը հաստատակամ է իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու եւ զարգանալու իր իրաւունքը պաշտպանելու գործին մէջ:

Պաշտօնական Երեւանը գործնականօրէն առաջին անգամն է, որ կ’անդրադառնայ Նախիջեւանի Ագուլիս բնակավայրին մէջ հայերու ջարդին, Նախիջեւանի հայաթափման եւ պատմական հայրենիքիի մէջ ապրելու եւ զարգանալու հաստատակամութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment