Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւի Պնդմամբ՝ 2019-Ին Ղարաբաղեան Գործընթացին Մէջ Լուրջ Առաջընթաց Չէ Արձանագրուած

Ալիեւի Պնդմամբ՝ 2019-Ին Ղարաբաղեան Գործընթացին Մէջ Լուրջ Առաջընթաց Չէ Արձանագրուած

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, ամփոփելով տարին, յայտարարած է՝ 2019 թուականին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով բանակցութիւններուն մէջ լուրջ առաջընթաց չէ արձանագրուած։

«Կը կարծեմ, այն պայմանաւորուած է քանի մը պատճառներով` Հայաստանի իշխանութիւններու ոչ կառուցողական դիրքորոշումը, միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ Հայաստանի վրայ բաւարար ճնշման բացակայութիւնը», – լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ժամանակ պարզաբանած է Ատրպէյճանի ղեկավարը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ Հայաստանի ղեկավարութեան «հակասական եւ անպատեհ» յայտարարութիւնները եւս բացասաբար անդրադարձած են բանակցային գործընթացի վրայ:

«Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն այն մասին, որ Ատրպէյճանը պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի հետ բանակցութիւններ վարէ: Անհեթեթութիւն է: Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինծառայողներու 90 տոկոսը Հայաստանի քաղաքացիներ են, այդ իսկ պատճառով բանակցութիւնները կ’ընթանան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ», – յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը՝ եզրափակելով. – «2019 թուականին բանակցութիւններու ձեւաչափը մնացած է անփոփոխ՝ հակառակ Հայաստանի կողմէ այն փոխելու բոլոր փորձերուն: Կը կարծեմ, որ այն մեր դիւանագիտական յաջողութիւնն է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment