Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «5-րդ Ալիքի» Սեփականատէր Արմէն Թաւադեանը Կը Հրաժարի Ցուցմունք Տալէ

«5-րդ Ալիքի» Սեփականատէր Արմէն Թաւադեանը Կը Հրաժարի Ցուցմունք Տալէ

by MassisPost

Երկրորդ նախագահ, սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանի ենթադրեալ աջակիցին առնչուող քրէական գործով «5-րդ ալիք»-ի սեփականատէր Արմէն Թաւադեանի ձերբակալման որոշումը անոր փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեանը բողոքարկած է: Թաւադեանին մեղադրանք դեռ չէ առաջադրուած: Ան գործով ունի կասկածեալի դատավարական կարգավիճակ:

Ինչպէս աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, 2008 թուականի Մարտ 1-ի դէպքերէն տուժած անձանց կաշառելու փորձին առնչուող քրէական գործով ձերբակալուած Արմէն Թաւադեանը հրաժարած է ցուցմունք տալ: Փաստաբան Խուդոյեանը տեղեկացուցած է, որ իր վստահորդը հրաժարած է նաեւ առերեսումէ. – «Ուղղակի յայտարարել ենք, որ այս Յատուկ քննչական ծառայութեանն իր պետով, իր գործիքակազմով, իր հրապարակային գործունէութեամբ չենք վստահում, եւ քանի դեռ գործը Յատուկ քննչական ծառայութեան վարոյթում է, որեւէ կերպ չենք համագործակցելու»:

Ռոպերթ Քոչարեանի աջակից, «5-րդ ալիք»-ի սեփականատէր Արմէն Թաւադեանը կ’անցնի նոյն քրէական գործով, ինչ Ռոպերթ Քոչարեանի ենթադրեալ աջակից Վարուժան Մկրտչեանը, որ կը մեղադրուի Քրէական օրէնսգիրքի 340-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 1-ին կէտով, որ կը վերաբերի «սուտ ցուցմունք, կեղծ եզրակացութիւն տալու համար կաշառելուն կամ հարկադրելուն, որոնք կատարուած են կազմակերպուած խումբի կողմէ»։

Թաւադեանի ձերբակալութենէն ետք յայտնի դարձած էր, որ Մկրտչեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին։ Չի մանրամասնուիր՝ Թաւադեանի ձերբակալման հիմքը Մկրտչեանի ցուցմո՞ւնքն է, թէ՞ ոչ։

«Նոյնիսկ ձերբակալման արձանագրութեան մէջ գոնէ մի բառ, չեմ չափազանցում գոնէ մի բառ չի եղել, որ ասի՝ Արմէն Թաւադեանը կատարել է այսինչ գործողութիւնը, նշւում է՝ օրինակ՝ Վարուժան Մկրտչեանը կատարել է այս գործողութիւնները, դրա համար կասկածւում է Արմէն Թաւադեանը», – ըսած է Խուդոյեանը:

Ոստիկանութիւնը յայտնի գայթակղային տեսանիւթը հրապարակած էր Դեկտեմբեր 19-ին։ Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած էր, որ Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցներէն մէկն իր գրասենեակ հրաւիրած է Մարտ 1-ի դէպքերէն տուժածը ու առաջարկած փոխել նախաքննական ցուցմունքն ու ըսել, որ Մարտ 1-ին իրեն հարուածած են ոչ թէ ոստիկանները, այլ քաղաքացիականները:

Արմէն Թաւադեանի փաստաբան Խուդոյեանն ըսած է՝ վստահաբար կրնայ պնդել, որ Թաւադեանը մինչ ոստիկանութեան հրապարակած տեսանիւթը տեղեակ չէ եղած Վարուժան Մկրտչեանի՝ Մարտ 1-ի գործով տուժողի հետ ունեցած հանդիպումներէն, իսկ Մկրտչեանին ճանչցած է որպէս Ռոպերթ Քոչարեանի համակիրներէն մէկը:

«Պէտք է ի վերջոյ սկսենք տարբերել համակիր եւ աջակից արտայայտութիւնները, որովհետեւ աջակիցն այն անձն է, ով ինչ-որ մէկին աջակցում է: Եթէ այդ մարդը խնդիրներ է ստեղծում, կարող է լինել ինքը համակիր, բայց իր սխալ գործողութիւններով վնասել այն անձին, ում համակրում է: Աջակիցները բոլոր այն մարդիկ են, ովքեր որեւէ ինքնագործունէութեամբ չեն զբաղւում եւ իրենց բողոքի ձայնն արտայայտում են հրապարակային, թոյլատրելի գործողութիւնների տեսքով», – նկատած է ան:

Մարտ 1-ի դէպքերէն տուժողը, որուն ըստ տեսանիւթի կը փորձեն կաշառել ցուցմունքէն հրաժարելու համար, փաստաբանի փոխանցմամբ՝ Վրոյր Գաբրիէլեանն է, որ 2008 թուականին ծառայած է Պարեկապահակային ծառայութեան զօրքերուն մէջ, ներկայիս ալ կը շարունակէ իր ծառայութիւնն արդէն Ճանապարհային ոստիկանութեան համակարգէն ներս: Քոչարեանի պաշտպանական խումբի անդամ Յովհաննէս Խուդոյեանը ծանօթացած է տուժող Վրոյր Գաբրիէլեանի նախաքննական ցուցմունքին եւ ըսած է՝ այն չի հակասեր Ռոպերթ Քոչարեանի շահերուն:

«Այդ անձի ցուցմունքը փոխելու որեւէ իրաւաչափ նպատակ չէր կարող լինել այն մարդու մօտ, ով տեղեակ է քրէական գործի նիւթերից, ով ցանկանում է ինչ-որ կերպ նպաստել այդ գործի ճիշդ լուծմանը: Եթէ աւելի պարզ ասենք, տուժողը, ում որ նկատի ունեն, տուել է այնպիսի ցուցմունք, որը 100 տոկոսով համապատասխանում է մեր դիրքորոշմանը, որը ներկայացնում ենք դատարանում», – շեշտած է Յովհաննէս Խուդոյեանը:

Երէկ կէսգիշերն անց խուզարկութիւն կատարուած է Արմէն Թաւադեանի տան մէջ, որուն ընթացքին քննչական խումբը գրաւած է, փաստաբանի պնդմամբ, գործի հետ կապ չունեցող իրեր եւ շուրջ 10 հազար տոլար: Յառաջիկային փաստաբանական խումբը կը պատրաստուի բողոքարկել քննչական խումբի այդ գործողութիւնը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment