Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Թաւշեայ Յեղափոխութենէն 1.5 Տարի Անց. Ռուսական «Փորձագէտ» Ամսագրի Անդրադարձը

Հայաստանը Թաւշեայ Յեղափոխութենէն 1.5 Տարի Անց. Ռուսական «Փորձագէտ» Ամսագրի Անդրադարձը

by MassisPost

Ռուսական  «Փորձագէտ»  ամսագիրը ծաւալուն յօդուածի մէջ անդրադարձած է 2018 թուականի Ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք երկրի մէջ տիրող իրավիճակին, հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, նոր կառավարութեան գործունէութեան շնորհիւ գրանցուած տնտեսական ցուցանիշներուն:

«Հայաստանի մէջ մինչեւ այս պահը յետյեղափոխական զարգացումներ կը գրանցուին: Երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իշխանութեան եկաւ 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիսին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու հետեւանքով: Աւելի ուշ՝ Դեկտեմբերին, Փաշինեանը վերահաստատեց իր լիազօրութիւնները. խորհրդարանական ընտրութիւններուն անոր ղեկավարած «Իմ քայլը» դաշինքը յաղթեց՝ հաւաքելով ընտրողներու ձայներու 70,43 տոկոսը: Այսօր ան հսկայական աջակցութիւն ունի՝ հակառակ վարկանիշները պարբերաբար կը նուազին, եւ այդ հասկնալի է, քանի որ կարելի չէ արագ կեանքի կոչել բոլոր խոստումները»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:

Անդրադառնալով հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն՝ յօդուածագիրն ընդգծած է, որ  յեղափոխութեան ալիքի վրայ յատկապէս ռուսական լրատուամիջոցները Փաշինեանին գրեթէ կը համարէին ամերիկեան «նախագիծ», իսկ յետոյ աւելի յարգալից՝ բազմակողմանի  քաղաքական գործիչ: «1.5 տարուան ընթացքին Փաշինեանը պաշտօնական այցով Մոսկուա չէ եղած՝ հակառակ որ աշխատանքային այցերով Մոսկուա եղած է, օրինակ, ԵԱՏՄ-ի շրջածիրէն ներս: Փոխարէնը ե՛ւ Պրիւքսէլի, ե՛ւ հարեւան Թիֆլիսի, ե՛ւ Թեհրանի մէջ Փաշինեանը արդէն ընդունած են: Փաշինեանի պաշտօնական այցը Ռուսաստան, կարծես, ծրագրուած է 2020 թուականի առաջին կէսին, իսկ Վլատիմիր Փութինն այս աշնան այցելած է Երեւան եւ կառուցողական շփում ունեցած հայ գործընկերոջ հետ: Այնպէս որ, պէտք չէ խօսիլ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ ճգնաժամի մասին, իսկ բազմակողմնութեան մասին, այո, այդ նոր երեւոյթ է, որ կը սահմանէ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութիւնը:

Յօդուածագիրը մէջբերած է քաղաքագէտներուն, որոնք ընդգծած են, թէ Ռուսաստանի լաւագոյն աջակցութիւնն այն է, որ յեղափոխութեան ժամանակ չէ խառնուած Հայաստանի ներքին գործերուն՝ աւելցնելով, որ ՌԴ-ն Հայաստանի ներքին գործերուն չի խառնուիր նաեւ յեղափոխութենէն ետք:

Յօդուածին մէջ ծաւալուն անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանի նոր կառավարութեան գործունէութեան շնորհիւ արձանագրուած տնտեսական ցուցանիշներուն: Նշուած է, որ 2019 թուականի առաջին 9 ամիսներուն Հայաստանի Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) աճը կազմած է 7,5 տոկոս՝ հակառակ նախորդ տարուան քաղաքական ցնցումներուն եւ վերնախաւի փոփոխութեան: Արդիւնաբերական արտադրանքն աճած է գրեթէ 10 տոկոսով, իսկ ստուերային տնտեսութիւնը մէկ տարուան ընթացքին նուազած է՝ 25 տոկոսէն հասնելով 22 տոկոսի:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment